Առանց իսկ մտածելու, թէ այդ քայլը ի՞նչ պիտի տայ հայութեան, Հայաստանին, կա՛մ այդ ընելով ինչքանո՞վ պիտի փարատի այն ծանր բեռ-օղակը, որ առկայ է վերջին տարիներու բոլոր կառավարութիւններու ուսերուն, մանաւանդ, որ կը վերաբերի Ատրպէյճանը ամենէն արդիական զէնքերով օժտելու իրականութեամբ։ Քայլ, որ ոչ միայն չնպաստեց Հարաւային Կովկասի կայունացման, այլ հիմք դարձաւ, որ Ատրպէյճան յաչս աշխարհի հայաթափէ ամբողջ Արցախը։ Խուսանաւումները, ի հարկէ, միշտ ներկայ են պատերազմող երկիրներու եւ տէրութեանց համար, սակայն մտահոգիչը այն է, որ առեւտուրի կամ խուսանաւման խաղերու զոհ կը դարձուին ժողովուրդներու ցաւերը, որուն դիմաց յանուն ճշմարտութեան պէտք է ճիշդ դրուին բոլոր ստորակէտները։
Հայաստանի կողմէ Պաղեստինի ճանաչման լոյսին տակ Նեթանիյահու կրնայ հին տետրակները բանալ։ Այսպէս, մտահոգութիւն կը յառաջացնէ Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմը, որուն պատճառով Հայաստանն ու հայութիւնն ալ իրենց բաժինը ունեցան այն պահէն սկսեալ, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս ընդունեց՝ Պաղեստինի պետութեան գոյութեան իրաւունքը։ Իբր այդ, կան մտավախութիւններ, թէ Իսրայէլ կրնայ հակազդեցութիւն-քայլերու դիմել՝ կապուած Երուսաղէմի հայութեան հետ։ Իսկ Իսրայէլ տարուած է շատ աւելի մեծ հիմնահարցերով, որոնք ցնցած են այդ երկրի ներքին, քաղաքական, ընկերային եւ նոյնիսկ կրթական ոլորտները։
Այդ հարցերէն ամենակարեւորն է Լիբանանի հետ սահմանային շրջաններու անկայունութիւնը, որուն պատճառով աւելի քան հազար իսրայէլացիներ ստիպուեցան լքել իրենց բնօրրանը։ «Հիզպուլլահ»ի քայլերը գլած-անցած են Իսրայէլի համար կարեւոր կարմիր գիծերը, սակայն վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու յստակ որոշումի մը չի կրնար յանգիլ Լիբանանի դէմ պատերազմ մը հռչակելու համար՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու չկամութեան պատճառաւ։ Այս բոլորը, անշուշտ, կը վերաբերին Իսրայէլի եւ Նեթանիյահուի առջեւ ցցուած հիմնախնդիրներուն, որոնց հանգուցալուծումէն ետք ան պիտի բանայ հին տետրակները, որոնք կը վերաբերին Հարաւային Ափրիկէին, Թուրքիոյ եւ Հայաստանին։
Մինչ այդ, եթէ Հայաստանի Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալու որոշումը ունի ռիսքեր, որոնց համար ալ Հայաստան կրնայ քննադատութեանց ենթարկուիլ, սակայն, այդ որոշումը կրնայ նեցուկ համարուիլ Երուսաղէմի մէջ ապրող եւ զանազան պատճառներով նօսրացած հայկական համայնքին։ Ուրեմն, թէեւ Հայաստանի առած որոշումը սիւնի հարուած էր Իսրայէլին, սակայն, միացուց հայկական գետինը։ Հայաստան, որ ո՛չ մէկ ծպտուն հանեց «Կովերու պարտէզ»ի հարցով, որ Երուսաղէմի հայութեան համար լուրջ խնդիր մըն էր, սակայն, Պաղեստինին երկարած իր ձեռքով՝ թերեւս կը փորձէ լրացնել այդ բացը։ Անշուշտ, այս քայլը չի նշանակեր, որ Իսրայէլ թշնամանայ Հայաստանին։
Այս բոլորէն անդին, բնականաբար, կը ծագի հարցում մը, որ կը վերաբերի Իսրայէլ-Հայաստան յարաբերութիւններուն։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ Իսրայէլի տեսակէտը եւ ի՞նչ քայլեր պիտի առնէ այդ յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ։
Մինչ այդ, Իսրայէլ կրնայ փորձել Թուրքիոյ հետ իր հաշիւները մաքրել՝ հայութեան ձեռքը օգտագործելով։ Ուշագրաւ է, անշուշտ, որ ամէն անգամ, որ Իսրայէլ-Հայաստան յարաբերութեան մասին հանրային քննարկումներ կը կատարուին, յանկարծ, իսրայէլեան մամուլին մէջ երեւելի կը դառնան նիւթեր, որոնք դարձեալ ջուրի երես կը հանեն ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը։ Իսրայէլացիք զանազան առիթներով խուսանաւած են այս նիւթով, այսօր եւս չի բացառուիր, որ անոնք փորձեն Թուրքիոյ հետ իրենց հաշիւները մաքրել՝ կրակի աստիճանները բարձրացնելով «Հայ ժողովուրդ, հայոց ցեղասպանութիւն, ճանաչում» եւ այլ բառեր պարունակող ու իրենց կողմէ պատրաստուած մեծ կաթսային տակ։ Առանց իսկ մտածելու, թէ այդ քայլը ի՞նչ պիտի տայ հայութեան, Հայաստանին, կա՛մ այդ ընելով ինչքանո՞վ պիտի փարատի այն ծանր բեռ-օղակը, որ առկայ է վերջին տարիներու բոլոր կառավարութիւններու ուսերուն, մանաւանդ, որ կը վերաբերի Ատրպէյճանը ամենէն արդիական զէնքերով օժտելու իրականութեամբ։ Քայլ, որ ոչ միայն չնպաստեց Հարաւային Կովկասի կայունացման, այլ հիմք դարձաւ, որ Ատրպէյճան յաչս աշխարհի հայաթափէ ամբողջ Արցախը։ Խուսանաւումները, ի հարկէ, միշտ ներկայ են պատերազմող երկիրներու եւ տէրութեանց համար, սակայն մտահոգիչը այն է, որ առեւտուրի կամ խուսանաւման խաղերու զոհ կը դարձուին ժողովուրդներու ցաւերը, որուն դիմաց յանուն ճշմարտութեան պէտք է ճիշդ դրուին բոլոր ստորակէտները։
Միւս կողմէ, Իսրայէլի «Jerusalem Post»ի վերլուծաբաններէն Թամար Ուրիէլ Պերի յօդուածով մը խոշորացոյցի տակ առած է սոյն նիւթը։ Տխուրը այն է, որ յօդուածագիրը կը մոռնայ կամ անտես կ՚առնէ, թէ եթէ անցեալին ցեղասպանութիւններ գործուած են, ապա այսօր իրենց պետութիւնը շատ աւելի արդիական ոճերով համակարգուած ցեղասպանութիւն կը գործէ պաղեստինցի անզէն ժողովուրդին դէմ։
Ըստ յօդուածին՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանչցած է Պաղեստինի անկախութիւնը։ Իսրայէլի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները երկար ժամանակէ ի վեր լարուած են եւ այդ մէկը պայմանաւորուած է մի քանի գործօնով։ Առաջինը՝ զինեալ հակամարտութեան պայմաններուն մէջ Իսրայէլի աջակցութիւնն է Ատրպէյճանին։ Սթոքհոլմի Խաղաղութեան միջազգային հետազօտութիւններու հիմնարկի 2021 թուականին հրապարակուած զեկոյցին համաձայն՝ զեկոյցի հրապարակումի նախորդող հինգ տարիներուն Իսրայէլ եղած է Ատրպէյճանի զէնքի ներմուծման 69 առ հարիւրի աղբիւրը։ Այստեղ կարեւոր է մէջբերել Իսրայէլի մօտ Հայաստանի դեսպան Արման Յակոբեանի տեսակէտները, որոնք ան յայտարարած էր սեպտեմբերին։ «Ատրպէյճան միլիառաւոր տոլարներով Իսրայէլէն զէնք կը գնէ, համագործակցութիւն կայ ռազմական պաշտպանութեան եւ հետախուզութեան ոլորտին մէջ։ Ատրպէյճանի «Silk Way Airlines» ընկերութիւնը յաճախակի թռիչքներ կը կատարէ դէպի Իսրայէլ՝ զէնք ներկրելու նպատակով: Մինչեւ վերջին պատերազմի սկիզբ առնելը՝ Իսրայէլի ինքնաթիռը անմիջապէս ուղղութիւն առած էր դէպի Կենճէ քաղաքը, որ կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի հիւսիսը։ Իսրայէլ կրնայ որեւէ երկրի զէնք վաճառել կամ գնել։ Խնդիրը այն է, որ այդ զէնքերը կը յայտնուին մեր սահմաններուն մօտ ու կ՚օգտագործուին մեր խաղաղ բնակչութեան դէմ», ըսած է Յակոբեան։ Երկրորդ՝ Իսրայէլ պաշտօնապէս չի ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը։
Իսրայէլ դանդաղ, բայց վստահաբար կը դառնայ փոքրամասնութիւն՝ արեւմտեան երկիրներու շարքին: Եթէ Իսրայէլ կ՚ուզէ միջազգայնօրէն ճանչցուիլ որպէս ողջախոհութեան եւ օրինական բարոյականութեան ձայն, ան պէտք է գործէ բարոյապէս:
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս