image
Հրատապ լուրեր:

Ռաֆահի մէջ. Իսրայէլեան բանակը ծանր հարուած տուած է «Համաս»ին

Ռաֆահի մէջ. Իսրայէլեան բանակը ծանր հարուած տուած է «Համաս»ին

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակն աւարտած է պաղեստինեան արմատական «Համաս» շարժման «Ռաֆահ» գումարտակի ոչնչացումը։

Այս մասին յայտնած են բանակի մամուլի ծառայութենէն, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը։

«Վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին 162-րդ զօրագունդի ստորաբաժանումները ճշգրիտ, հետախուզական տուեալներու վրայ հիմնուած, նպատակային գործողութիւններ իրականացուցած են։

Զօրքերը ոչնչացուցած են աւելի քան 2 հազար ահաբեկիչ եւ մօտ 13 քմ ստորգետնեայ փապուղիներ»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը նաեւ յայտարարած է Կազայի հատուածի Եգիպտոսի հետ սահմանին գտնուող այսպէս կոչուած «Ֆիլատելֆիայի միջանցք»ի տարածքին մէջ արմատականներու կողմէ փորուած ստորգետնեայ անցումներու եւ փապուղիներու 80%-ի ոչնչացման մասին։