image

Ուքրանական ուժերն ի վիճակի չեն օգտուելու արեւմտեան զինատեսակներէն․ Փութին

Ուքրանական ուժերն ի վիճակի չեն օգտուելու արեւմտեան զինատեսակներէն․ Փութին

Վլատիմիր Փութինը լրագրողներու հետ զրոյցին անդրադարձած է Ռուսիոյ խորքը գտնուող ռազմական կառոյցներուն արեւմտեան զէնքով հեռահար հարուածներ հասցնելու սահմանափակումները հանելու հնարաւորութեան:

Այս հարցը վերջին շրջանին բուռն կը քննարկեն Ուքրանիան եւ Քիեւի դաշնակիցները: Ռուսիոյ նախագահը յայտարարած է, որ այժմ խօսքը միայն Ռուսիոյ տարածքը հարուածելու մասին չէ, քանի որ ուքրանական ուժերն արդէն վաղուց անօդաչուներով եւ այլ միջոցներով կը թիրախաւորեն ռուսական բնակավայրերը: 

«Սակայն երբ կը խօսինք արեւմտեան հեռահար ճշգրիտ զէնքի կիրառման մասին, այդ բոլորովին այլ պատմութիւն է: Ուքրանական ուժերն ի վիճակի չեն օգտուելու այդ զինատեսակներէն: Այդ կրնան ընել ՆԱԹՕ-ի զինուորականները: Ուստի առաջ կու գայ հակամարտութեան ՆԱԹՕ-ի երկիրներու անմիջական ներգրաւուածութեան հարցը»,-ըսած է Փութինը: 

Ան աւելցուցած է՝ եթէ նման որոշում կայացուի, հակամարտութեան բուն էութիւնը կը փոխուի: «Այդ կը նշանակէ, որ ՆԱԹՕ-ն, Միացեալ Նահանգները, եւրոպական երկիրները կը պատերազմին Ռուսիոյ դէմ։ Եւ հարկաւոր պիտի ըլլայ համապատասխան որոշումներ կայացնել»,- նախազգուշացուցած է Քրեմլի ղեկավարը։