Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մաճիտ Թախթ Ռաւանչին պիտի ժամանէ Հայաստան։ Ան այս մասին գրած է X–ի իր էջին՝ ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանի հետ զրոյցէն ետք։
«Քիչ առաջ զանգ ստացայ ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանէն։ Անոր հետ զրոյցի ընթացքին ես վերահաստատեցի բոլոր հարեւաններու հետ յարաբերութիւններն ամրապնդելու մեր մեծ ցանկութիւնը։ Ես նաեւ արտայայտեցի մեր սկզբունքային դիրքորոշումը միջազգային սահմաններու անխախտելիութեան վերաբերեալ։ Ես սիրով ընդունեցի Երեւան այցելելու անոր հրաւէրը»,– գրած է իրանցի դիւանագէտը։
Նշենք, որ նախօրէին Կոստանեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռաւանչիի հետ։ Այս մասին X-ի իր էջին գրած է ՀՀ Արտաքին գործոց փոխնախարարը։
«Բարձր ենք գնահատում Իրանի աջակցութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեանը։ Մտքեր ենք փոխանակել տարածաշրջանային վերջին զարգացումների շուրջ»,- գրած է ան։