Ֆրանսացի փիլիսոփայ Ալպէր Քամիւ պնդած է, թէ մարդկային վիճակի անհեթեթութիւնը այն է, որ մարդիկ կը փնտռեն արտաքին արժէքներ եւ իմաստ՝ այնպիսի աշխարհի մը մէջ, որ անտարբեր է անոնց նկատմամբ։ Քամիւն կը գրէ ոչնչապաշտներու, բայց նաեւ արժէքներու մասին ոչնչապաշտ աշխարհի մասին, ուր մարդիկ կրնան ձգտիլ՝ ըլլալ «հերոս ոչնչապաշտներ» արժանապատուօրէն ապրելով անհեթեթութեան դէմ, գործելով աշխարհիկ սրբութեամբ, եղբայրական համերաշխութեամբ եւ ապստամբելով աշխարհի անտարբերութեան դէմ եւ գերազանցելով զանոնք։
«Ի՞նչ է կեանքին իմաստը». այս հարցումը մարդոց կողմէ կրնայ այլազան կերպերով ընկալուիլ, բայց այս կէտին կը ծագին նաեւ այլ հարցումներ. «ի՞նչ է կեանքին ծագումը», «ի՞նչ է տիեզերքի եւ կեանքին բնոյթը», «կեանքը ինչպէ՞ս աւելի արժէքաւոր կը դառնայ», «ո՞րն է մարդու կեանքին նպատակը»։ Այս հարցումներուն տրուած են բազմաթիւ, զանազան պատասխաններ՝ սկսեալ գիտնականէ մինչեւ փիլիսոփայական ոլորտներու ներկայացուցիչներուն կողմէ։
Կարգ մը մտածողներու համաձայն, կեանքի իմաստի հարցման կարելի է պատասխանել միայն մահով։ Փիլիսոփայական տեսանկիւնէն՝ բոլորի պարագային անխուսափելին մահն է։ Անկախ դիրքէն, զբաղեցուցած պաշտօնէն, իւրաքանչիւր մարդ կը մահանայ եւ այս խնդիրը կը վերջանայ։ Ոմանց համար կեանքը իմաստ չունի եւ իմաստի որոնումը սեփական պատրանքներու մէջ ապարդիւն ջանք մըն է։ Այնուամենայնիւ, մարդիկ միշտ ցանկութիւն ունեցած են կեանքը իմաստաւորելու, զայն հասկնալու։ Կեանքի իմաստը փիլիսոփայութեան դարաւոր պատմութեան գլխաւոր խնդիրներէն ու որոնումներէն մին է։ Փիլիսոփայութեան խնդիրները չեն փոխուած դարերէ ի վեր, փոխուած են միայն այդ խնդիներու նկատմամբ մօտեցումներն ու անոնց լուծումները։ Կեանքին իմաստը խոր եւ ընդգրկուն նիւթ մըն է։ Երբ մենք կը խօսինք կեանքին եւ անոր իմաստին մասին, պատասխանի առաջարկ կը ներկայացնեն բազմաթիւ ոլորտներ՝ գոյաբանութենէն մինչեւ հոգեբանութիւն։
Մեզմէ դուրս կայ աշխարհ մը հիւսուած՝ առարկաներով. քար, հող, ծառ, ցորեն եւ այլն: Արդեօք այս առարկաները ինքնուրոյն նշանակութիւն ունի՞ն: Այսինքն, եթէ աշխարհի վրայ մարդիկ չըլլային, այս բոլոր առարկաները նշանակութիւն կ՚ունենայի՞ն։ Ո՞ր հանգամանքը մարդ արարածը կը զանազանէ այլ էակներէ։ Այս հարցման պատասխանած են՝ նշելով մարդկային բանականութիւնը, սակայն ի վերջոյ մարդը այլ էակներէն զանազանող յատկանիշը սեփական գոյութիւնը կասկածի տակ դնելու կարողութիւնն է։ Այսպէս, մարդը միակ էակն է, որ գիտէ իր մահը եւ կ՚ապրի Դեմոկլեան սուրի վրայ։ Այս կապակցութեամբ Սիկմոնտ Ֆրոյտ ըսած է, որ Էրոսը (ապրելու մղում) եւ Թանաթոսը (մահուան մղում) կը կազմեն կեանքին իմաստը։
Մարդը կեանքին կը սկսի առարկաներու հետ իր յարաբերութիւնները անուանելով։ Կեանքը, որ կը սկսի փորձելով-ձախողելով, կը դասակարգէ առարկաները՝ անոնց հետ իր յարաբերութիւններու սահմանման միջոցով: Առարկայ մը որպէս քար, միւսը որպէս խնձոր դասակարգելը առարկայի հետ մարդու յարաբերութիւններու իմաստը կը կազմէ: Մարդկային մտքի պատմութիւնը ճամբորդութիւն մըն է յստակէն՝ շօշափելիէն, նիւթականէն դէպի վերացական: Այս «վերացականացման» փուլով առաջնային կը դառնայ նաեւ կեանքը իմաստաւորելու եւ կեանքին իմաստ հաղորդելու գաղափարը։
Իմաստը կը պատկանի մարդուն եւ կ՚որոշուի անոր առարկայով։ Հետեւաբար, կեանքը առանց այլ մարդոց ինքնին իմաստ չունի։ Փոխյարաբերութիւնն է կեանքին իմաստ տուողը։ Անկախ այն հանգամանքէն, թէ մարդը ինչո՛վ կը նպաստէ իր կեանքին, ինչպէ՛ս կը վերաբերի անոր, այդ մարդու կեանքի իմաստը կը սահմանափակուի այս յարաբերութիւններով ու անոնց արդիւնքներով: Այստեղէն կը բխի, որ կեանքը չունի կայուն իմաստ, հասարակաց յայտարար։ Այն ինչ որ մենք կ՚անուանենք կեանքի իմաստ՝ յարաբերութիւններու ցանց մըն է, որ մենք կը հաստատենք կեանքի ընթացքին, նաեւ մեր ապրելակերպն ու մեր նպաստն է՝ այդ փոխյարաբերութեան առողջութեան, զարգացման ու շարունակականութեան: Ուստի, իւրաքանչիւր մարդու համար կեանքին իմաստը տարբեր է։
Ընթացիկ դարաշրջանին տեղի ունեցած են արմատական փոփոխութիւններ մարդկային էութեան մասին, թէ՛ օրինական եւ թէ հանրաճանաչ պատկերացումներու մէջ: Ժամանակակից գիտութեան բացայայտած գիտելիքը արդիւնաւէտօրէն վերաշարադրած է մարդկութեան յարաբերութիւնները բնական աշխարհի հետ: Բժշկութեան եւ փորձագիտութեան յառաջընթացը մարդիկը ազատած է նախորդ դարաշրջաններու ժամանակավրէպ սահմանափակումներէն եւ ախտերէն, իսկ փիլիսոփայութիւնը՝ յատկապէս լեզուական զարգացման հետեւելով՝ փոխած է, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ փոխյարաբերութիւններ կ՚ունենան իրենց եւ այլոց հետ: Կեանքի իմաստի վերաբերեալ հարցերը նոյնպէս արմատական փոփոխութիւններ կրած են. օրինակ՝ մարդկային գոյութիւնը կենսաբանական եւ գիտական առումներով վերագնահատելու փորձերը։
Ֆրանսացի փիլիսոփայ Ալպէր Քամիւ պնդած է, թէ մարդկային վիճակի անհեթեթութիւնը այն է, որ մարդիկ կը փնտռեն արտաքին արժէքներ եւ իմաստ՝ այնպիսի աշխարհի մը մէջ, որ անտարբեր է անոնց նկատմամբ։ Քամիւն կը գրէ ոչնչապաշտներու, բայց նաեւ արժէքներու մասին ոչնչապաշտ աշխարհի մասին, ուր մարդիկ կրնան ձգտիլ՝ ըլլալ «հերոս ոչնչապաշտներ» արժանապատուօրէն ապրելով անհեթեթութեան դէմ, գործելով աշխարհիկ սրբութեամբ, եղբայրական համերաշխութեամբ եւ ապստամբելով աշխարհի անտարբերութեան դէմ եւ գերազանցելով զանոնք։
Կեանքը իմաստալից կը դարձնէ կեանքի որակը (որակ ըսելով նկատի չունիմ միայն նիւթական հարստութիւնը։ Որակը՝ մտքի, մշակոյթի, հոգեկանի աշխարհն է որպէս ամբողջութիւն՝ նիւթական աշխարհի հետ)։ Երբ խօսքը կը վերաբերի կեանքի որակին, երջանկութիւնն ալ որոշիչ դեր կը խաղայ։ Հետեւաբար, կեանքի որակը եւ երջանկութիւնը կ՚ամբողջացնեն զիրար։ Այստեղ կը յառաջանայ հետեւեալ հարցումը. արդեօք կեանքի որակը անհատի՞ ձեռքին է։ Այսինքն՝ անձը՞ կ՚որոշէ երջանկութիւնը։ Սա կրնայ պատրանքի յանգեցնել. եթէ կեանքի իմաստը մեր յարաբերութիւններն են աշխարհի հետ, ապա մեր ձեռքին է կեանքը լաւ ու որակեալ ապրիլը: Քանի որ կեանքի իմաստը կախեալ է մեզմէ, մենք կրնանք իմաստաւորել մեր կեանքը լաւ եւ բարեկեցիկ՝ առողջ ու ճիշդ յարաբերութիւններ հաստատելով: Իսկապէս այդպէ՞ս է: Այս հարցման կարելի է պատասխանել՝ թէ՛ այո եւ թէ ոչ։ Այո՛, այդպէս է, որովհետեւ իւրաքանչիւրի կեանքը իրն է: Ո՛չ, այդպէս չէ, քանի որ իւրաքանչիւրի սեփական կեանքը անկախ չէ արտաքին աշխարհէն, կայ մշտական փոխադարձ հոսք անհատի եւ արտաքին աշխարհի միջեւ։
Երջանիկ կեանք չի նշանակեր կեանք՝ առանց դժբախտութեան։ Երջանիկ կեանք կը նշանակէ կեանք, որ իր հետ ունի դժբախտութին, բայց չի դարձներ զայն մշտական ու տեւական։ Երջանկութիւնը կեանքը վայելելն է կամ առաքինութիւնն է։ Երջանկութիւնը ապրելու ուրախութեան սիւնն է: Երբ երջանկութիւնը կ՚աճի, կեանքի բերկրանքը կը բարձրանայ այնպէս, ինչպէս ծածանող դրօշը: Արդարեւ, իմաստալից կեանքը ուղղակիօրէն կապուած է ապրելու ուրախութեան եւ երջանկութեան հետ, արդեօք անհատի կազմուածքն ու բնութիւնը անոր որոշիչնե՞րն են: Այսինքն՝ երջանկութիւնը կախուած է միայն անհատի կամքէ՞ն։
Թէեւ անհատի ներաշխարհը հիմնարար սկիզբն է անոր՝ կեանքը իմաստաւորելու համար, անհատը անբաւարար է այս որոշման մէջ: Որովհետեւ կայ հսկայական արտաքին աշխարհ մը, որ կը շրջապատէ անհատը, որ բաղկացած է տարրերէ. ինչպէս՝ ընտանիք, աւանդութիւններ, կրօն, պետութիւն, բարոյականութիւն եւ վարչակարգ։ Այստեղ կը բախինք այլ բարոյական խնդրի մը. եթէ չարագործը իր չարիքի պատճառը կը կապէ ընկերային համակարգի հետ, ապա այդ մարդը իր ներաշխարհին մէջ բարիի բացակայութիւնը կը վերագրէ նաեւ արտաքին պայմաններուն։ Այնուամենայնիւ, կան այնպիսի բարեմասնութիւններ, ինչպէս՝ խիղճը, սէրը, արդարութիւնը, ողորմածութիւնը, կարեկցանքը, որոնք կը պատկանին մարդու ներաշխարհին, որոնցմով անհատը կ՚ըլլայ լաւ մարդ, եթէ նոյնիսկ հասակ առնէ ապականած համակարգի մէջ։
Պիանքա Սարըասլան
«Ժամանակ»
• (Շարունակելի…)