Օրերս մեծ վիշտ պատճառած է բնիկ հալէպահայ երիտասարդ Գէորգ Գահուէճեանի կորուստը (ծնեալ Հալէպ, 1990-ին)։
Գէորգ յատուկ կարիքներ ունեցող երիտասարդ մըն էր, որ իր բարութեամբ, դրական ու բարի կամեցողութեամբ կարողացած էր գրաւել հարազատներուն, նաեւ զինք ճանչցող շրջանակին ուշադրութիւնն ու սիրտը։
Այս տխուր առթիւ մեր ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի պարագաներուն ու կը ներկայացնենք հանգուցեալի եղբօր՝ Ծերոն Գահուէճեանի խմբագրութեանս յղած յուզիչ խօսքերը։
Իմ սիրելի եղբայրս՝ Գէորգ Գահուէճեան, ծնած է Հալէպ՝ 1990-ին: Ան միջնեկ մանչ զաւակն է Գահուէճեան ընտանիքին։
Հանգուցեալը կարճ ժամանակով յաճախած է Ազգ. Հայկազեան մանկապարտէզ, ապա «Արեւիկ» կեդրոն, ուր իր աշխատասիրութեամբ, ընկերասիրութեամբ, համեստութեամբ կարողացած է գրաւել շրջապատին սիրտը։
Գէորգ չէր հանդուրժեր տխրութիւն կամ նեղութիւն: Անոր բաղձանքն էր, որ միշտ իր շուրջինները ըլլան ուրախ, եռանդով, որովհետեւ ինք կը սիրեր կեանքը, նիւթականը որեւէ մէկ արժէք չէր ներկայացներ իրեն համար, այլ հոգեկան գոհունակութիւնը, մարդոց ուրախութիւնը առաջնահերթութիւն էր: Այս ընթացքով շարունակեց իր կեանքը մինչեւ 2017, երբ ծանր առողջապահական վիճակի մէջ գտնուեցաւ եւ ենթարկուեցաւ մի քանի ծանր գործողութիւններու, սակայն անոր կեանքի հանդէպ սէրը յաղթայարեց բոլոր խոչնդոտները եւ դարձաւ իր սովորական կեանքին։
Ան Կաղանդի խրախճանքներու միակ «Կաղանդ պապուկ»ն էր, եւ իր բոլոր ընկերներն ու ծանօթները զինք կը յիշէին այդ սիրելի ու բարի կերպարով, որովհետեւ ինք համոզուած էր, որ Կաղանդն ու «Կաղանդ պապուկ»ը կը խորհրդանշէին նոր կեանք ու երջանկութիւն…։
Գէորգ 2021ին մեկնեցաւ Հայաստան՝ իր փոքրիկ եղբօր մօտ, հոն հանդիպեցաւ Հալէպէն մեկնած, «Արեւիկ կեդրոն»ի ընկերներուն եւ հայրենիքի մէջ նոյնպէս կրցաւ մարդոց սիրտը գրաւել։
2022ին վերադարձաւ Հալէպ, եւ այդ թափով շարունակեց իր կեանքը մինչեւ 15 օգոստոս, երբ դաժան մահը զինք խլեց մեզմէ առհաւէտ:
Այո՛, ան այսօր մարմնապէս մեր հետ չէ, սակայն իր հոգին, իր յիշատակներն ու խօսքերը պիտի մնան մեր մտքերուն առօրեային մէջ ։ Ես վստահ եմ, որ ան այսօր մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ է եւ ինք մեզ պիտի բարեխօսէ եւ հետեւի մեր բոլոր քայլերուն:
Ննջէ՜ խաղաղ, բարեսիրտ անմեղ հրեշտակս եւ մի մոռնար մեզ, որովհետեւ դուն միշտ մեր սրտերուն մէջն ես: