Խմբավար եւ երաժշտական տնօրէն Կոնստանդին Օրբելեանը նշանակուած է Նիւ Եորքի օփերային թատրոնի գործադիր տնօրէն։
Մահուան մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համացանցէն։
Նիւ Եորքի օփերային թատրոնի խորհուրդը յայտարարեց խմբավար եւ երաժշտական տնօրէն Կոնստանդին Օրբելեանը կազմակերպութեան գործադիր նշանակելու մասին։ Ան այս պաշտօնի գլուխ պիտի փոխարինէ գլխաւոր տնօրէն Մայքըլ Քափասոն, որ հանգստեան կը կոչուի։
Անդրադառնալով կարեւոր նշանակման, Կոնստանդին Օրբելեան դիտել տուաւ որ իրեն համար մեծ պատիւ ու ոգեւորութիւն է ստանձնել գործադիր տնօրէնի պաշտօնը, ի լրում իր ներկայ դերի՝ որպէս Նիւ Եորքի օփերային թատրոնի երաժշտական տնօրէնի ու գլխաւոր խմբավարի։
Կոնստանդին Օրբելեան չորս անգամ առաջարկուած է Կրեմմի մրցանակի։ Ան 2021ին նշանակուած է Նիւ Եորքի օփերային թատրոնի երաժշտական տնօրէն ու գլխաւոր խմբավար։ Օրբելեան հիւրախաղերով հանդէս եկած է աշխարհահռչակ երաժիշտներու հետ։ Եղած է Մոսկուայի սենեկային նուագախումբի ու Ռուսաստանի ֆիլհարմոնիքի երաժշտական ղեկավարը, Սենթ Փեթերսպուրկի «Պալատներ» միջազգային երաժշտական փառատօնի հիմնադիրը։