Օրերս իր համալսարանական կրթութեան առաջին փուլը յաջողութեամբ աւարտին տարած է լիբանանահայ ուսանող Յովսէփ Սարաֆեանը։
Սարաֆեանի գրանցած փայլուն արդիւնքներուն շնորհիւ վերջինիս տրուած է համալսարական ամավերջի հանդէսին (Պիրմինկհըմ- Ասթոն Գոլէճ) «հուս բանք»ը արտասանաելու պատիւը։
Ան երեւելի ինքնավստահութեամբ բեմ բարձրանալով շնորհակալութիուն յայտնած է բոլորին ու յատկապէս ծնողներուն ու դասախօսներուն, որոնք ջանք չեն խնայած, որ ան հասնի համալսարան եւ ընթացք տայ իր մեծ երազներուն։
Սարաֆեան իր խօսքի աւարտին մէջբերած է ֆրանսաբնակ եւ լիբանանցի մեծատաղանդ գրող՝ Էմին Մաալուֆի խօսքերը ըսելով, որ «Պէտք է նպատակներուդ մէջ միշտ դէպի հեռուները նայիս, սահմաններէն անդին, եւ ծովերէն անդին, որպէսզի ի վերջոյ յաջողիս»։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Յովսէփ Սարաֆեան որդին է լիբանանահյ տէր եւ տիկինԱրա եւ Հուրի Սարաֆեաններուն եւ անոնց զաւկին յաջողութեան մեծագոյն գրաւն անշուշտ ընտանիքի աննահանջ խրախուսանքն ու քաջալերանք է։
Փաստ է անշուշտ, երբ կամքի ներկայութեան պարագային նոյնիսկ Լիբանանի նման գրեթէ փլուզուած երկրի զաւակը կը նուաճէ բարձր գագաթներ։
Յաջողութիւն՝ Յովսէփ Սարաֆեանին։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը