Սեպտեմբեր 3-ին խուլիկանութեան դէպք տեղի ունեցած է Գեղարքունիքի մարզին մէջ։
Ինչպէս յայտնած է Shamshyan.com-ը, ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Պարեկային ծառայութեան Գեղարքունիքի մարզի գումարտակի ջրային պարեկ Օհանեանը ժամը 07։15-ի սահմաններուն Դրախտիկ-Ծովագիւղ հատուածին մէջ, Սեւանայ լիճի վրայ նկատած է ձկնորսութեամբ զբաղող նաւակ, որ վարած է Գեղարքունիքի մարզի բնակիչ 60-ամեայ Վարդան Նաւասարդեանը, որմէ պահանջած է ներկայացնել ձկնորսութեան վերաբերեալ փաստաթուղթ։
Սակայն վերջինս յայտնած է, որ յայտ ներկայացուցած է «Սեւան ազգային պարկ» ՊՈԱԿ-ին (պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւն), դեռ չէ ստացած համապատասխան վկայական եւ աւելցուցած է, որ իր նաւակը տեղէն պիտի չշարժի, մինչեւ նշուած վայր չներկայանան «Սեւան ազգային պարկ» ՊՈԱԿ-ի աշխատակիցները:
Քիչ անց նշուած վայր ժամանած են Ծովագիւղ գիւղի խումբ մը բնակիչներ, որոնք վիճաբանած են պարեկներու հետ, խոչընդոտած անոնց կողմէ իրականացուող գործողութիւնները, հայհոյանքներ հնչեցուցած ու այդ ընթացքին փորձած են յիշեալ նաւակը հրելու միջոցով կրկին մտցնել Սեւանայ լիճ՝ հանդիպելով պարեկներու դիմադրութեան ներկաներէն 1 անձ մետաղեայ խողովակով 2 անգամ փորձած է հարուածել, ինչպէս նաեւ փորձած են նաւակը շրջել պարեկի վրայ, որու ընթացքին Պարեկային ծառայութեան կարգախումբէն Դանիէլեանը եւ Օհանեանը կիրառած են յատուկ միջոցներ՝ խողովակով հարուածել փորձող անձի վրայ:
Վիճաբանութեան ընթացքին վերջիններս Պարեկային ծառայութեան ծառայողներու հասցէին հնչեցուցած են սպառնալիքներ: Յիշեալ անձանց գործողութիւններու հետեւանքով հնարաւոր չէ եղած լողամիջոցը եւ նաւակին մէջ առկայ ձուկերը տեղափոխել բաժնի յատուկ պահպանուող տարածք:
Ոստիկանութեան Ճամբարակի բաժնի ծառայողներու կողմէ ձեռնարկուած միջոցառումներու շնորհիւ պարզուած է, որ նշուած դէպքի մասնակիցներ կը հանդիսանան Գեղարքունիքի մարզի բնակիչներ 36-ամեայ Արսէն Նաւասարդեանը, 51-ամեայ Գարուն Գ․-ն, 51-ամեայ Ազատ Հայրապետեանը, 65-ամեայ Սամուէլ Խալաֆեանը, 29-ամեայ Տիգրան Ն․-ն: Ոստիկաններու կողմէ ձեռնարկուած միջոցառումներու շնորհիւ ժամը 15։30-ի սահմաններուն նշուած լողամիջոցը, 25 հատ ընդհանուր 11 քիլոկրամ քաշով «Սիգ» տեսակի ձուկերով հանդերձ, տեղափոխուած է բաժնի յատուկ պահպանուող տարածք:
Դէպքի փաստով ոստիկանութեան Ճամբարակի բաժնէն ներս փաստաթուղթեր կազմուած են, որոնք փոխանցուած են ՀՀ Քննչական կոմիտէի Գեղարքունիքի մարզային քննչական վարչութեան Սեւանի քննչական բաժին: