image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը կ՛արձագանգէ Արա Վարդանեանի ձերբակալութեան լուրին

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը կ՛արձագանգէ Արա Վարդանեանի ձերբակալութեան լուրին

Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Լոս Անճելըսի գրասենեակէն ստացանք պաշտօնական յայտարարութիւն մը՝ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի ձերբակալութեան լուրին իբրեւ արձագանգ, կը գրէ «Ասպարէզ»ը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք սոյն յայտարարութեան բնագիրը՝ ամբողջութեամբ.

Բոլորս խորապէս տխրած ենք Երեւանի մէջ գործող Հայաստան համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի ձերբակալութեամբ, որ տեղի ունեցաւ կազմակերպութեան վարկային քարտը անձնական նպատակներու՝ ներառեալ առցանց բախտախաղի վրայ ծախսելով, իր պաշտօնը չարաշահած ըլլալու մեղադրանքով: Այսուհանդերձ, այս պահուս, փաստերը ցոյց կու տան, թէ կազմակերպութեան նուիրուած ոչ մէկ գումար իւրացուած է մեղադրեալին կողմէ, եւ չարաշահուած գումարները վերադարձուած են ամբողջութեամբ:

Թէեւ ցաւալի է, որ պրն. Վարդանեան չարաշահած է իր պաշտօնը, անոր թիւր արարքը ո՛չ մէկ ձեւով կը վերաբերի կազմակերպութեան անխոնջ եւ օրինապահ պաշտօնեաներուն, աշխարհատարած գործընկերներուն, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Armenia Fund-ին, ամբողջ երկրագունդի տարածքին առատաձեռն նուիրատուներուն, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ աշխատող կապալառուներուն եւ անհամար կամաւորներուն: Մինչ այդ, մենք կը սպասենք յանցագործութեան գծով կատարուող քննութեան արդիւնքներուն:

Armenia Fund-ը Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած՝ անկախ, ոչ-շահութաբեր կազամակերպութիւն մըն է, որ մարդասիրական եւ ենթակառուցային զարգացման իր ուրոյն ծրագիրները Հայաստանի ու Արցախի մէջ կ՛իրականացնէ՝ գործածելով Հայաստան համահայկական հիմնադրամը՝ իբրեւ գործադրող գործակալ: Այսպէս, Միացեալ Նահանգներու մէջ հանգանակուած գումարները կը յատկացուին մասնայատուկ ծրագիրներու, որոնց գործադրումը կը հսկուի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Armenia Fund-ին կողմէ:

Հայաստան համահայկական հիմնադրամը կազմակերպութիւն մըն է, որ կը վայելէ հարիւր-հազարաւոր նուիրատուներու վստահութիւնը: Իր գոյութեան 27 տարիներուն ընթացքին, հիմնադրամը իրագործած է ընկերատնտեսական հազարաւոր մեծածաւալ ծրագիրներ, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին հարիւր-հազարաւոր մարդոց:

1988ի կործանարար երկրաշարժի վաղորդայնին, Հայաստան համահայկական հիմնադրամը մարդասիրական հրատապ օգնութիւն հասցուց աղէտի գօտիի ժողովուրդին, եւ այսօր կը շարունակէ հանդիսանալ Գիւմրիի մէջ մեծագոյն քանակով մնայուն տուներ յատկացնող կազմակերպութիւնը: Նորանկախ Հայաստանի ամէնէն մութ օրերուն, Հիմնադրամը վառելանիւթ եւ ուտելիք յատկացուց հայրենի ժողովուրդին, դիմակայելով թրքական եւ ատրպէյճանական սահմանային շրջափակումը, եւ հազարաւոր մարդոց կեանքը փրկելով 1992-1994-ի ահաւոր ձմեռներուն:

1995էն ի վեր, Հայաստան համահայկական հիմնադրամը Արցախի մէջ մարդասիրական եւ ենթակառուցային զարգացման լայնածաւալ ծրագիրներ իրագործող մեծագոյն կազմակերպութիւնն է, իր գործունէութեամբ սատարելով երկրի վերականգնումին՝ 70 տարիներու ատրպէյճանական բռնատիրութենէն եւ աւերիչ պատերազմէ մը ետք:

Վերջերս, հիմնադրամը Արցախի մէջ նախաձեռնեց ենթակառուցային շարք մը նորարար ծրագիրներ, որոնք կ՛ընդգրկեն արեւային ջերմուժ օգտագործող համակարգերու զարգացումը եւ նորագոյն ճարտարարուեստով ոռոգման ցանցերու կառուցումը: Եւ, անշուշտ, Հայաստան համահայկական հիմնադրամի ամէնէն յատկանշական ծրագիրները կը շարունակեն մնալ ռազմավարականօրէն կենսական Գորիս-Ստեփանակերտ եւ Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիները, որոնք Արցախը կը կապեն արտաքին աշխարհին հետ եւ կարելի կը դարձնեն երկրի գոյութիւնն իսկ:

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի առաքելութիւնը դադրած չէ եւ չի՛ կրնար դադրիլ: Հայաստանի ու Արցախի պէտքերը հսկայական են: Լոկ անհատի մը անխոհեմ արարքը չի կրնար նսեմացնել այս պատկառելի կազմակերպութեան վիթխարի նուաճումները, ոչ ալ կասկածի տակ պէտք է դնէ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման մէջ անոր ունեցած անհաշուելի դերը: