image
Հրատապ լուրեր:

Նոր մանրամասնութիւններ համշէնահայ ընտանիքի ձերբակալութեան մասին. Ճեմիլ եւ Նուրճան Աքսուներու երեխան մինակ մնացած է

Նոր մանրամասնութիւններ  համշէնահայ ընտանիքի ձերբակալութեան մասին. Ճեմիլ եւ Նուրճան Աքսուներու երեխան մինակ մնացած է

Tert.amՀամշէնահայ մտաւորական Ճեմիլ Աքսու ու կինը՝ Նուրճան Վայիչ Աքսու, կը շարունակեն բանտարկուած մնալ հասարակական ցանցերէն մէկուն վրայ Թուրքիոյ պետութիւնը քննադատած հրապարակումներու պատճառաւ:

Օրեր առաջ յայտնի դարձաւ, որ Աքսուի տան վրայ ոստիկանական գրոհ կազմակերպուած է, վաղ առաւօտեան խուզարկուած է Աքսուի եւ նոյնպէս համշէնցի գործիչ հանդիսացող անոր կնոջ  բնակարանը: Նուրճան Վայիչ Աքսուն ձերբակալուած է, իսկ անոր համակարգիչն ու անձնական շարք մը գիրքեր գրաւուած են: Նախօրէին ձերբակալուած ու կալանաւորուած էր նաեւ Ճեմիլ Աքսուն:

Թրքական gazeteduvar.com.tr կայքի լրագրողներէն Պիրսեն Քայեան կը գրէ, որ համշէնահայ գործիչներու երեխան՝ փոքրիկ Արեւը, ծնողներու ձերբակալութեան ու կալանաւորման հետեւանքով մինակ մնացած է:

«Մենք յետագային ինչպէ՞ս Արեւին պիտի պատմենք այս օրերուն մասին, ի՞նչ պատասխան պիտի տանք, այսօր պետական պաշտօնեաները վաղը ինչպէ՞ս պիտի նային Արեւի աչքերուն մէջ»,0 գրած է լրագրողը:

Ըստ Քայայի՝ Ճեմիլի ու Նուրջանի ձերբակալութեան հրամանը «շատ բարձր տեղերէ» ստացուած է:


Մանրամասները՝   Tert.am