ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆոլքեր Թիւրքը դատապարտած է Սուրիոյ մէջ խաղաղ բնակիչներու սպանութիւնները՝ կոչ ընելով հետաքննելու քաղաքացիական բնակչութեան մահապատիժները ու պատասխանատւութեան ենթարկելու մեղաւորները:
«Համաձայնեցուած յարձակումներէն ետք (Սուրիայէն - խմբ.) մենք կը ստանանք չափազանց անհանգստացնող հաղորդագրութիւններ ընտանիքներու սպանութիւններու մասին, ներառեալ՝ կանանց, երեխաներու եւ վիրաւոր զինեալներու:
Անհրաժեշտ է կայացնել բոլոր սպանութիւններու ու այլ խախտումներու թափանցիկ ու անկողմնակալ հետաքննութիւն, մեղաւորները պէտք է ենթարկուին պատասխանատւութեան՝ համաձայն միջազգային իրաւունքի չափանիշերու»,-ըսուած է Թիւրքի մեկնաբանութեան մէջ, որ հրապարակուած է ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց հարցերով գրասենեակի կայքին մէջ:
Բախումները հիմնական տեղի ունեցած են Լաթաքիա նահանգի մէջ, ուր մեծ թիւ կը կազմեն ալաուները, որոնք Ասատի իշխանութեան յենասիւնն էին։