Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Լիբանանի լրատուական դաշտի աշխատակիցներէն՝ Վաչէ Սրուրեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Պընթ Ժպէյլ» կայքէն։
Աղբիւրը կը նշէ, որ հանգուցեալը մահացած է իր ինքնաշարժին մէջ, երբ արդէն հասած էր «Թէլ լիպան» պետական հեռուստակայանի կառատուն։
Ան մահացած է սրտի կաթուածի հետեւանքով։
Իր կարգին Լիբանանի տեղեկատւութեան նախարար Մանալ Ապտըլ Սամատ գուժած է Վաչէի մահը նշելով, որ ան եղած էր «Թէլէ Լիպան»ի եթերներու պատրաստման հմուտ աշխատակիցներէն մին։