Ապրիլ 11-ին՝ ժամը 7։50-ի սահմաններուն, Քուչակ-Ապարան ճանապարհին իրար բախած են ՆԳՆ ոստիկանութեան «Հոնտա» հանրակառքը եւ «Նիսան» մեքենան: Այս մասին յայտնած է ՀՀ ՆԳՆ ոստիկանութիւնը։
Ըստ նախնական տուեալներու՝ ճանապարհափոխադրային պատահարի հետեւանքով մահացած է 1, իսկ բուժօգնութեան դիմած՝ 12 անձ։
Քննչական կոմիտէէն յայտնած են, որ Մարգարա-Վանաձոր-Տաշիր ճանապարհին «Նիսսան» մակնիշի մեքենայի եւ ՀՀ ՆԳՆ ոստիկանութեան «Հոնտա» մակնիշի հանրակառքի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ճանապարհափոխադրային պատահարի դէպքի առթիւ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ՝ Քրէական օրէնսգիրքի 342-րդ յօդուածի 2-րդ մասի (ճանապարհային երթեւեկութեան անվտանգութեան ապահովմանն ուղղուած պահանջները կամ ճանապարհային երթեւեկութեան կամ փոխադրային միջոցներու շահագործման անվտանգութիւնն ապահովող կանոնները խախտելը, որ անզգուշութեամբ առաջացուցած է մարդու մահ) յատկանիշներով:
«Համացանցում շրջանառւում է ապատեղեկատւութիւն՝ իբր տեղի ունեցած վթարը ՆԳՆ ոստիկանութեան գվարդիայի ավտոբուսի մեղաւորութեամբ է եղել:
Սակայն, դէպքի վայրի զննութեամբ պարզուել է, որ «Նիսսան» մակնիշի ավտոմեքենան հանդիպակաց գօտում բախուել է «Հիւնդայի» մակնիշի ավտոբուսին:
Միւս ապատեղեկատւութիւնը կապուած է՝ ոստիկանութեան գվարդիայի հանրակառքի՝ ՀՀ վարչապետի ավտոշարասեանն ուղեկցելու հետ, որը նոյնպէս չի համապատասխանում իրականութեանը, քանի որ ՀՀ ՆԳՆ ոստիկանութեան գվարդիայի ծառայողները նշուած տրանսպորտային միջոցով ուղեւորուել են Լոռու մարզ՝ ծառայութիւն իրականացնելու»,- յայտնած են կոմիտէէն։