image

Մահացած է Լեւոն Գէորգեանը. Հանգուցեալը համահիմնադիրն էր «Ազգային Լեգէոն» ՀԿ-ին

Մահացած է Լեւոն Գէորգեանը. Հանգուցեալը համահիմնադիրն էր «Ազգային Լեգէոն» ՀԿ-ին

Օրերս Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Լեւոն Գէորգեանը։

Հանգուցեալը կը համարուի «Ազգային Լեգէոն» հասարակական կազմակերպութեան համահիմնադիրներէն։

Մահուան մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համացանցէն։

 

«Ազգային լեգէոն» ռազմահայրենասիրական հասարակական կազմակերպութիւնը խոր վիշտով կը գուժէ իր համահիմնադիր եւ հրամանատար, պահեստազօրի փոխգնդապետ Լեւոն Գէորգեանի անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 18 օգոստոս, 2024-ի առաւօտեան, Ազգային Լեգէոնի պատանիներու այս տարուայ երկրորդ Ճամբարի ժամանակ։

Լեւոն Գէորգեան եղած է հրամանատար, Արցախեան առաջին եւ երկրորդ պատերազմներու մասնակից։ 2021-ին  խումբ մը համախոհներու հետ հիմնած է «Ազգային Լեգէոն» ռազմահայրենասիրական հասարակական կազմակերպութիւնը, որ մինչեւ  օրս հարիւրաւոր պատանիներ եւ երիտասարդներ պատրաստած է հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին: Ան շատ սիրուած հրամանատար էր, հոգատար մեծի եւ փոքրի նկատմամբ, նուիրեալ ամուսին եւ հայր:

Լեւոն Գէորգեանի յուղարկաւորութեան ու թաղման մանրամասնութիւնները կը հաղորդուին աւելի ուշ:

Լեւոն Գէորգեանի յիշատակի լաւագոյն յարգանքը անոր գործի շարունակութիւնն է, որու պատրաստ են նուիրուիլ անոր գործակիցները՝ ի փառս մեր յաւերժական հայրենիքին: