image

Մահացած է ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եղբայրը՝ Կամօ Տէր Պետրոսեանը

Մահացած է  ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եղբայրը՝ Կամօ Տէր Պետրոսեանը

Դեկտեմբեր 2-ին, 76 տարեկան հասակին մահացած է ՀՀ Առաջին նախագահի եղբայր, բժիշկ Կամօ Տէր-Պետրոսեանը:

Կամօ Տէր-Պետրոսեանը ծնած է 1946 թուականի նոյեմբեր 20-ին՝ Կիրովական: Երեւանի բժշկական հիմնարկը աւարտելէ ետք եղած է Հայաստանի յայտնի սրտաբաններ Ռաֆայէլ Ստամպոլցեանի եւ Զաւէն Տոլապճեանի աշակերտը, երկար տարիներ աշխատած է Սրտաբանութեան եւ սրտային վիրաբուժութեան հիմնարկի մէջ եւ նախկին «Լեչկոմիսիայի պոլիկլինիկա»ին մէջ: Հետագային կազմակերպած եւ ղեկավարած է «Գարակէօզեան բարեգործական հիմնադրամ»-ի ծրագրով Հայաստա­նի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մանկական առողջապահական ցանցը:

Մասնագիտական գործունէութենէն բացի, Կամօ Տէր-Պետրոսեան հասարակութեան յայտնի է որպէս «Մուսալեռ» հայրենակցական միութեան երկարամեայ նախագահ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ռատիոյի գրական հաղորդումներու բաժնին մէջ հանրային գրական երեկոներուն արեւմտահայ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններու ասմունքող:

Կամօ Տէր-Պետրոսեանի հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ 4 յունուարին, ժամը 18:00-ին՝ Սբ. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Նորքի 5-րդ զանգուած), յուղարկաւորութիւնը՝ 5 յունուարին, ժամը 13:00-ին՝ նոյն վայրէն:

Նիւթը՝ «Ի Լուր» կայքէն