Մարտ 28-ին ամերիկեան Քանզաս Սիթի քաղաքին մէջ 98 տարեկանին կեանքէն հեռացած է հայազգի դերասանուհի, Հայրենական մեծ պատերազմի վեթերան Ռոզալիա Ասոյեանը: Կովկասի պաշտանութեան մասնակիցը ընդամէնը մի քանի օրէն պիտի բոլորէր իր 99-ամեակը: Այս մասին կը հաղորդէ Հիւսթընի մէջ Ռուսաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան տարածած հաղորդագրութիւնը:
«Խոր ափսոսանքով տեղեկացանք Քանզաս Սիթիի մէջ Հայրենական մեծ պատերազմի վեթերան Ռոզալիա Խրիսթոֆորովնա Ասոյեանի մահուան մասին: Յատկապէս ցաւալի է, որ ան ընդամէնը չորս օր չապրեցաւ մինչեւ իր յաջորդ` 99-ամեակի ծննդեան օրը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
1942 թուականին 19-ամեայ Ռոզալիա Ասոյեանը ինքնակամ մեկնած է ռազմաճակատ եւ պարգեւատրուած՝ «Կովկասի պաշտպանութեան համար» մետալով: Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի աւարտէն յետոյ ան դերասանուհի դարձած է եւ երկար տարիներ աշխատած է թատրոնին մէջ: ԽՍՀՄ-ի փլուզումէն յետոյ դերասանուհին արգագաղթած է ԱՄՆ, ուր բնակած է մինչեւ կեանքին աւարտը: