image

Մահացած է արմատներով Քեսապցի. Նուիրեալ հայորդի՝ Անդրանիկ Աֆարեանը

Մահացած է արմատներով Քեսապցի. Նուիրեալ հայորդի՝ Անդրանիկ Աֆարեանը

Օրերս ԱՄՆ-ի մէջ մահացած է Անդրանիկ Տիրան Աֆարեանը։

Քեսապցի ծնողներու զաւակ   մեր հայրենակիցը  մերձաւորն է  թերթիս բարեկամներէն ՝Տիկն. Նաթալի Տէր Ստեփանեան-Քէնտիրճեանի։

Կը ներկայացնենք այս բօթին առթիւ «Արեւելք»ին յղուած մահագրականը։

Շաբաթ՝ 19 Փետ., 2022-ին մահացած Անդրանիկ Աֆարեան ծնած էր Ատիս Ապէպա, Եթովպիա, 8 Ապրիլ, 1933-ին։

Ան զաւակն էր Քեսապցի Տիրան եւ Սիրանուշ Աֆարեաններու: Ամուսնացած էր Սիրուհի Մատենեանին հետ եւ հայր դարձած երեք որդիներու։

Աւարտած էր Հայ Աւետ. Գոլէճը եւ կանուխ հասակէն նետուած կեանքի ասպարէզ, որ կարողանայ օգնել ընտանիքին: Ան միշտ ալ մաս կազմած եւ նեցուկ հանդիսացած է տեղի հայ համայնքին կողմէ կազմակերպուած միջոցառումներու։

Եղած է անդամ «Բ. Կանաչեան»ի երգչախումբին եւ միշտ իր կարելին ըրած օգտակար ըլլալու ազգին եւ հայ մշակոյթին:

Իր վերջին պաշտօնը եղաւ dept. of water and power of Los Angeles, ինք մանրակրկիտ եւ կատարեալ գծագրիչ էր:

Հանգուցեալը սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն էր, իր փոքր ընտանիքին, ինչպէս նաեւ հայկական շրջանակներուն կողմէ։