image

Մահ՝ Մեթր Ժագ Չուխատարեանի

 Մահ՝ Մեթր Ժագ Չուխատարեանի

Պէյրութի մէջ իր աչքերը յաւերժին փակած է Լիբանանահայ գաղութի վաստակաշատ դէմքերէն՝ Մեթր Ժագ Չուխատարեան։

 Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Պէյրութէն։

 Լիբանանահայ կաթողիկէ համայնքը տարբեր հարթակներու վրայ ներկայացուցած, ինչպէս նաեւ լիբանանեան խորհրդրարանի տարբեր գումարումներու պատգամաւոր հանդիսացած Մեթր Ժագ Չուխատարեան վարած համայնքային բեղուն գործունէութիւն։

 Քաղաքական ասպարէզի կողքին ան գործած է, որպէս հմուտ իրաւաբան եւ վարած է փաստաբանական հանրայայտ իր ստեղծած գրասենեակի ղեկավարութիւնը։

 

Կարեւոր ներկայութիւն հանդիսացած է համայնքային կեանքէն ներս ու Լիբանանը հարուածած քաղաքացիական պատերազմի ամենածանր օրերուն մնացած է պատնէշի վրայ։ 

 Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի թուականի, ինչպէս նաեւ անոր բեղուն գործունէութեան մասին դեռ պիտի անդրադառնանք։

Այս առթիւ   մեր  խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղեն հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ ի մասնաւորի հանգուցեալի որդւոյն՝ Մեթր Սերժ Չուխատարեանին։