image

«Լուսաւոր Հայաստան» պիտի մասնակցի Յունիսի ընտրութիւններուն

«Լուսաւոր Հայաստան»  պիտի մասնակցի Յունիսի ընտրութիւններուն

«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի յունիս 7-ին Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն։

Լրագրող Կարպիս Փաշոյեանը դիմատետրի իր էջին գրած է, որ ժամանակաւորապէս կը դադարեցնէ լրագրողի եւ քաղաքական մեկնաբանի գործունէութիւնը՝ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ցուցակով ընտրութիւններուն մասնակցելու համար։

Փաշոյեանը աւելցուցած է, որ վերջին վեց ամիսներու ընթացքին ամէն ինչ ըրած են ընդդիմութեան համախմբման եւ միասնական ցուցակ ստեղծելու համար, բայց ոչինչ յաջողած է։

«Մեր գործընկերները այլ ճանապարհ ընտրեցին, իսկ մենք որոշեցինք գնալ մեր ճանապարհով։ Իսկ ո՞րն է մեր ճանապարհը։ Մասնակցել ընտրութիւններին, մեր օրակարգով, մեր համեստ կեցուածքով, բայց մեծ գաղափարներով, շատ մեծ գաղափարներով»,- գրած է Փաշոյեանը։

«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Էտմոն Մարուքեանն ալ յայտարարած է, որ շուրջ 6 ամիս իրենք ամէն ինչ ըրած են, որ ընդդիմութիւնն այս ընտրութիւններուն մասնակցի մէկ ճակատով, սակայն չէ ստացուած։ «Արձանագրում ենք, որ դա չի ստացուել, իւրաքանչիւրը իր ճանապարհով է գնացել, եւ մենք Կարպիսի հետ որոշել ենք մեր ճանապարհով գնալ, որի նպատակը մէկն է՝ ծառայել Հայաստանի Հանրապետութեանը»,- նշած է Մարուքեանը։