Օրերս, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանէն ներս, տեղի ունեցած է բացառիկ յոյշ երեկոյ մը նուիրուած՝ նշանաւոր հայ բանաստեղծ Զարեհ Եալտըզճեանի (Զահրատ) ծննդեան 100-ամեակին։ Երեկոյի գլխաւոր բանախօներն էին Դոկտ. Արտեմ Սարգսեան եւ Դոկտ. Յակոբ Այնթապլեան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
28 Փետրուարին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բացառիկ յուշ երեկոյ մը՝ նուիրուած նշանաւոր հայ բանաստեղծ Զարեհ Եալտըզճեանի (Զահրատի) ծննդեան 100 ամեակին։ Երեկոյի գլխաւոր բանախօսներն էին դոկտոր Արտեմ Սարգսեան եւ դոկտոր Յակոբ Այնթապլեան։
Ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուեցաւ Զահրատի «Հատընտիր» նոր հրատարակութիւնը, որ լոյս տեսաւ համագործակցութեամբ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին եւ Երեւանի Ե․ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին, մեկենասութեամբ՝ տոքթ. Յակոբ եւ Լուտովիկա Այնթապլեաններուն։
Գիրքին մէջ զետեղուած են նաեւ Զահրատի մասին նշանաւոր հայերու տպաւորութիւնները։