Օրերս, պաշտօնական արարողութեամբ բացումը կատարուած է Լոս Անճելըսի՝ Փիքօ Ռիվերայի Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի՝ շուրջ 3 միլիոն տոլար արժած արդիական նոր մարզադաշտին, որուն նպատակն է՝ զարկ տալ մարզական եւ մշակութային ծրագրերու։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
Երկուշաբթի, 3 Մարտի յետմիջօրէին, Փիքօ Ռիվերայի Մեսրոպեան Ազգային վարժարանը պաշտօնական արարողութեամբ մը բացումը կատարեց մօտաւորապէս 3 միլիոն տոլար արժած արդիական նոր մարզասրահին, որուն նպատակն է՝ զարկ տալ մարզական եւ մշակութային ծրագիրներու։
Վարժարանի տնօրէն Լենա Կարապետեան ողջունեց այս իրադարձութիւնը՝ զայն նկատելով բարձրորակ եւ բազմաճիւղ կրթութիւն մատուցելու վարժարանին առաքելութեան մէկ մասնիկը, շնորհակալութիւն յայտնելով ծրագիրին իրականացման նեցուկ կանգնողներուն։
Արդիական մարզադաշտին կողքին, ծրագիրին շնորհիւ կառուցուած են նաեւ մարզական մարզումներու եւ մշակութային ձեռնարկներու յատուկ դասարաններ եւ տարածքներ։
Վարժարանի Ուսումնական մարմինի ատենապետ Քրիս Կիւլճեան իր կարգին շեշտեց, թէ ծրագիրին իրականացումը նոր էջ կը բանայ վարժարանին հարուստ պատմութեան մէջ, որ միաժամանակ պիտի հարստացնէ աշակերտներուն փորձառութիւնները։ Ան եւս համայնքին շնորհակալութիւն յայտնեց տրամադրուած նեցուկին համար։
Բացման արարողութեան ներկայ էին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ազգային վարչութեան անդամներ Ծովիկ Զէյթլեան եւ Ճեք Հաճինեան, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի անդամներ իրաւաբան Սարգիս Ուրֆալեան (ատենապետ) եւ իրաւաբան Սիլվա Կիրակոսեան եւ Փիքօ Ռիվերա քաղաքի պաշտօնատարներ անդամներ, ինչպէս նաեւ ծնողներ եւ հիւրեր:
Առաջնորդը նորակառոյց մարզասրահի ժապաւէնը հատեց աղօթական բարեմաղթութիւններով, շրջանի հայութեան համար կարեւոր իրագործում մը նկատելով գեղակառոյց եւ արդիական մարզասրահը, ուր ոչ միայն վարժարանին աշակերտները, այլեւ հայկական վարժարաններու եւ միութիւններու խումբեր պիտի մարզուին ու մրցին իրարու դէմ, նոր ոգեւորութեամբ լեցնելով հայկական վարժարաններու աշակերտական կեանքը:
Առաջնորդին կ՛ընկերակցէին Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ, սրբազան հայրը գնահատեց շրջանին մէջ նորակառոյց մարզասրահ ունենալու երեւոյթը՝ իբրեւ Լոս Անճելըս գաւառի ամէնէն տարեց՝ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի յառաջդիմութեան ցուցանիշ եւ հայ կրթական կառոյցի առաքելութեան հաւատացող խումբ մը բարերարներու եւ աջակիցներու տարիներու երազի իրականացում, ապա ան շնորհաւորեց աշակերտները ու վարժարանին մեծ ընտանիքը այս կարեւոր իրագործումին համար եւ «առողջ միտք՝ առողջ մարմինի մէջ» թեւաւոր խօսքին կարեւորութիւնը շեշտելով՝ մաղթեց առողջ ու ամբողջական աճում վարժարանին: