Կրթական նոր տարեշրջանի (2023-2024) վերամուտին առթիւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ եպս. Տօնոյեան հրապարակած է ոգեշնչող ուղերձ մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական խանդակաթ ապրումներով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական մարմինները, տնօրէնները, ուսուցչական կազմերը, բարերարները, բարեկամները, նուիրեալները, աշակերտներն ու ծնողները կրթական նոր` 2023-2024 տարեշրջանի վերամուտին առիթով:
Մեր Ազգային վարժարաններու կրթական նոր տարեշրջան մուտքը այս տարի շքեղօրէն կը զուգադիպի Ս. Ներսէս Շնորհալի Կաթողիկոսի վախճանման 850-ամեակին: Այս առիթով, սրտանց կը շնորհաւորենք մեր բոլոր աշակերտներն ու զանոնք հայ-քրիստոնեայ դաստիարակելու քաղցր առաքելութիւնը ստանձնած բոլոր հայ ուսուցիչներն ու դաստիարակ մշակները, որոնք ո՛չ միայն պէս-պէս գիտելիքներով կը սնուցեն հայ փոքրիկ ու պատանի աշակերտներուն միտքը, այլեւ անոնց մատղաշ կեանքերը կը շաղեն հոգեւոր ու ազգային իւրայատուկ մթնոլորտի մէջ, ուր հայոց այբուբենի ստեղծագործ ոգին, գեղեցիկի ու վսեմի գիտակցութիւնը անոնց մանրիկ էութիւնները կը ձեւաւորեն, յանուն վաղուան հայ առողջ հունձքին:
Թող Երկնաւոր Հօր բարեգութ հովանին մի՛շտ ծիածան կապէ հայկական վարժարաններու երկնակամարին վրայ, կրթական կեանքը շարունակուի անխափան եւ մեծ հոգեւորական ու ազգային գործիչ, աստուածաբան, գրող, բանաստեղծ ու շարականագիր, բոլորանուէր եւ ամենասիրելի Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի «Լո՛յս իմաստութիւն»ը՝ իբրեւ պատմական յորդոր ու բոլոր ժամանակներու օրհնառատ խօ՛սք վարարի Ազգային վարժարաններու կեանքին մէջ, աւելի եւս սերտացնելով ուսուցիչ-աշակերտ կապը, փոխադարձ յարգանքն ու նուիրուածութիւնը:
Շնորհալի՛ կոչուեցաւ Աստուծոյ ծառայ Ներսէս Հայրապետ՝ իր բազում շնորհներուն ու տաղանդներուն համար, զորս ան ի գործ դրաւ միջնադարու հայոց հոգեմտաւոր կեանքի զարգացման, հայ գիր ու դպրութեան յառաջդիմութեան եւ աշխարհի մարդկութեան գիտաբարոյական արժէքներու հարստացման համար: Մեր աղօթքն է, որ հայկական վարժարաններու մեր աշակերտները, որոնք մասնիկներ կը կրեն նաեւ մեր մեծ Հայրապետ Շնորհալիէն, ըլլան շնորհալի՛ զաւակներ եւ ծագէ ի ծագ շէնցնեն ազգ ու հայրենիք, այլեւ մեծ օգուտներ բերեն տիեզերքի համայն մարդկութեան:
Աղօթարար
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդ
Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի