Armenian Youth Federation էջին վրայ կը կարդանք «Արդէն 3 տարի անցած է մեր սիրելիներու՝ Սօսէի եւ Ալէնի կորուստին: Բայց ինչքան տարիները անցան, ձեր հոգին եւ ձեր ժառանգը դարձան աւելի պայծառ: Դուք օգնեցիք մեզի մեր երազներու հիմքերը դնել, եւ մենք պիտի աշխատինք կառուցել անոր վրայ՝ աղիւս առ
աղիւս, սերունդէ սերունդ: Դուք մեր կորսնցուցած ու շահած հրեշտակներն էք»: Նշենք, որ Հայաստանի մէջ իրենց բոյնը կազմած Ալէն Եէքիքեան եւ Սօսէ Թովմասեան տարի առաջ զոհ գացած էին Վրաստանի մէջ պատահած ինքնաշարժի արկածի մը: Անոնց հետ զոհուած էր նաեւ վարորդը: Երիտասրդ ամոլի հարազատները անոնց յիշատակին հիմնեցին ֆոնտ մը, որուն մասին կարելի է իրազեկուիլ այցելելով հետեւեալ կայքը՝ SoseandAllen.org :