image

 Լիզպոնի մէջ կը ցուցադրուին Փարաճանովի ֆիլմերը

 Լիզպոնի մէջ կը ցուցադրուին Փարաճանովի ֆիլմերը

Լիզպոնի մէջ, «Գաղտնի աշխարհը» խորագրեալ ցուցադրութեամբ ներկայացուած է աշխարհահռչակ բեմադիր Սերգեյ Փարաճանովի ժապաւէնները՝  ծննդեան 100-ամեակին առիթով։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Սերգեյ Փարաճանովի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, Մարտ 15–31  Լիզպոնի «Փորթուկալական սինեմաթեք» թատրոնին մէջ կը ցուցադրուին աշխարհահռչակ բեմադիրին ժապաւէնները։

«Գաղտնի աշխարհը» խորագրեալ ցուցադրութեանց բացման արարողութեան ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկած են «Սինեմաթեք»-ի տնօրէն Ռուի Մաշատօ, Հայաստանի շարժարուեստի հիմնադրամի տնօրէն Դաւիթ Բանուչեան, «Փորթուկալ-Հայաստան» բարեկամութեան ընկերակցութեան հիմնադիր նախագահ Վահէ Մխիթարեան։

Յայտագիրը կ՚ընդգրկէ «Նռան գոյնը», «Յակոբ Յովնաթանեան» ֆիլմերը, ինչպէս նաեւ հատուածներ՝ «Խոստովանանք» անաւարտ գործէն։

Նշենք, թէ սոյն ծրագրին՝ Հայաստանի պատուիրակութեան մասնակցութիւնը իրականացուած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան նիւթական աջակցութեամբ։