image

Արուեստագէտի մը անկոտրում ոգին. Զառա Ճյանի նոր ֆիլմը կը վերարծարծէ Փարաճանովի արուեստն ու ազդեցութիւնը

Արուեստագէտի մը անկոտրում ոգին. Զառա Ճյանի նոր ֆիլմը կը վերարծարծէ Փարաճանովի արուեստն ու ազդեցութիւնը

Կը յու­­­սանք, որ այս շար­­­ժա­­­­­­­պատ­­­կե­­­­­­­րային գո­­­հարը իր ճամ­­­բան կը գտնէ դէ­­­պի Հա­­­մազ­­­գա­­­­­­­յինի «Նուռ» ֆիլ­­­մի փա­­­ռատօ­­­նի այս տա­­­րուան ներ­­­կա­­­­­­­յացումնե­­­րու շար­­­քին՝ տեղ­­­ւոյն հայ հա­­­մայնքին առիթ ըն­­­ծա­­­­­­­յելով փոխ­­­յա­­­­­­­րաբե­­­րելու անոր հզօր թե­­­մանե­­­րուն հետ։ Փա­­­րաճա­­­նովի ժա­­­ռան­­­գութիւ­­­նը, ու­­­ժե­­­­­­­ղացած Ճյա­­­նի տես­­­լա­­­­­­­կանով, կը յի­­­շեց­­­նէ մե­­­զի արո­­­ւես­­­տին յա­­­րատեւ զօ­­­րու­­­թիւնը՝ ներշնչե­­­լու եւ յոյս տա­­­լու:

Սեր­­­կէյ Փա­­­րաճա­­­նովի հա­­­րիւ­­­րա­­­­­­­մեակը տօ­­­նախմբե­­­լով, Զա­­­ռա Ճյան ստեղ­­­ծած է ֆիլմ մը, որ կը գե­­­րազան­­­ցէ իր մի­­­ջոցը՝ կանգնե­­­լով իբ­­­րեւ վկա­­­յու­­­թիւն ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծա­­­­­­­կանու­­­թեան ան­­­խոնջ ոգիին։ Ան կոչ մըն է արո­­­ւես­­­տա­­­­­­­գէտ­­­նե­­­­­­­րուն՝ ամե­­­նու­­­րէք, գրկե­­­լու իրենց ար­­­հեստն ու արո­­­ւես­­­տը քա­­­ջու­­­թեամբ, սի­­­րով եւ ճշմար­­­տութեան հան­­­դէպ ամուր յանձնա­­­ռու­­­թեամբ ու հա­­­մար­­­ձա­­­­­­­կու­­թեամբ:

 

 

Զա­ռա Ճյա­­­նի նո­­­րագոյն ֆիլ­­­մը՝ «Ես վրէժխնդիր կը լի­­­նեմ աշ­­­խարհից սի­­­րոյ մի­­­ջոցով։ Ս. Փա­­­րաճա­­­նովը» տե­­­սողա­­­կանօ­­­րէն տպա­­­ւորիչ յար­­­գանքի տուրք մըն է հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին շար­­­ժա­­­­­­­պատ­­­կե­­­­­­­րի ամե­­­նէն խորհրդա­­­ւոր եւ նշա­­­նաւոր դէմ­­­քե­­­­­­­րէն՝ Սեր­­­կէյ Փա­­­րաճա­­­նովին։ 2024-ի Վե­­­նետի­­­կի ֆիլ­­­մի մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին փա­­­ռատօ­­­նի իր առաջ­­­նա­­­­­­­խաղէն ետք, Յու­­­նո­­­­­­­ւարի սկիզ­­­բը ֆիլ­­­մը իր բա­­­ցու­­­մը կա­­­տարեց Երե­­­ւանի մէջ։

Ֆիլ­­­մը կը հիւ­­­սէ Փա­­­րաճա­­­նովի ար­­­տա­­­­­­­սովոր ժա­­­ռան­­­գութիւ­­­նը Ճյա­­­նի խո­­­րապէս անձնա­­­կան ճամ­­­բորդու­­­թեան հետ՝ իբ­­­րեւ արո­­­ւես­­­տա­­­­­­­գէտ ու­­­սումնա­­­սիրե­­­լով ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծա­­­­­­­կան ոգիին դի­­­մադ­­­րա­­­­­­­կանու­­­թիւնը՝ դժո­­­ւարու­­­թեանց դէմ յան­­­դի­­­­­­­ման։ Պա­­­տու­­­մին հիմ­­­նա­­­­­­­կան գա­­­ղափա­­­րը պարզ կը թո­­­ւի. Ճյան կը վե­­­րադառ­­­նայ Հա­­­յաս­­­տան՝ անձնա­­­կան եւ հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին խռո­­­վայոյզ ժա­­­մանա­­­կաշրջա­­­նի մը ըն­­­թացքին եւ մխի­­­թարու­­­թիւն ու ներշնչում կը գտնէ Երե­­­ւանի Սեր­­­կէյ Փա­­­րաճա­­­նովի թան­­­գա­­­­­­­րանին մէջ։ Այս ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծա­­­­­­­կան սրբա­­­վայ­­­րէն Ճյան կը հիւ­­­սէ յու­­­զիչ պա­­­տում մը, որ ոչ միայն կը տօ­­­նէ Փա­­­րաճա­­­նովի հան­­­ճա­­­­­­­րը, այլ նաեւ կ'անդրա­­­դառ­­­նայ այ­­­սօ­­­­­­­րուան աշ­­­խարհին մէջ արո­­­ւես­­­տա­­­­­­­գէտ­­­նե­­­­­­­րու դի­­­մագ­­­րա­­­­­­­ւած մար­­­տահրա­­­ւէր­­­նե­­­­­­­րուն։

Տե­­­սողա­­­կան առու­­­մով, ֆիլ­­­մը շատ յա­­­ջող է. գա­­­նատա­­­հայ շար­­­ժանկա­­­րիչ (cinematographer) Նո­­­րայր Գաս­­­պար իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր պատ­­­կեր կը վե­­­րածէ արո­­­ւես­­­տի գոր­­­ծի մը։ Թէ՛ թան­­­գա­­­­­­­րանի նրբին ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւննե­­­րուն, եւ թէ՛ հար­­­ցազրոյցնե­­­րու տպա­­­ւորիչ նկա­­­րահա­­­նու­­­մին մի­­­ջոցով Գաս­­­պա­­­­­­­րին ոսպնեակը կը ստեղ­­­ծէ պատ­­­կե­­­­­­­րագորգ մը, որ միաժա­­­մանակ գրա­­­ւիչ է եւ յու­­­զիչ։

Ֆիլ­­­մի ամե­­­նէն ազ­­­դե­­­­­­­ցիկ հա­­­տուած­­­նե­­­­­­­րէն մէ­­­կը կը նե­­­րառէ Թո­­­րոն­­­թո­­­­­­­յի հպար­­­տութիւն Աթօմ Էկո­­­յեանը, որ կ'անդրա­­­դառ­­­նայ Փա­­­րաճա­­­նովի աշ­­­խարհին հետ իր ծա­­­նօթու­­­թեան՝ մեր հա­­­մայնքին սի­­­րելի սիւ­­­նե­­­­­­­րէն՝ հան­­­գուցեալ Գա­­­լուստ Պա­­­պեանի լու­­­սանկար­­­նե­­­­­­­րուն եւ յու­­­շե­­­­­­­րուն մի­­­ջոցով։ Պա­­­պեան ժա­­­մանակ ան­­­ցուցած էր Փա­­­րաճա­­­նովի հետ, անոր տնա­­­յին կա­­­լան­­­քի շրջա­­­նին՝ նկա­­­րահա­­­նելով տպա­­­ւորիչ լու­­­սանկար­­­ներ, որոնք կը բա­­­ցայայ­­­տէին վար­­­պե­­­­­­­տին անհնա­­­զանդ ոգին։ Էկո­­­յեան յու­­­զիչ կեր­­­պով կը պատ­­­մէ, թէ ինչպէս «հան­­­դի­­­­­­­պած» է Փա­­­րաճա­­­նովին այս լու­­­սանկար­­­նե­­­­­­­րուն մի­­­ջոցով՝ շատ աւե­­­լի առաջ քան անոր ֆիլ­­­մե­­­­­­­րը դի­­­տելը։ Թո­­­րոն­­­թո­­­­­­­յի հայ հա­­­մայնքին հա­­­մար այս կա­­­պը յատ­­­կա­­­­­­­պէս յու­­­զիչ է, քա­­­նի որ Պա­­­պեանի բա­­­րի ժա­­­ռան­­­գութիւ­­­նը կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ ներշնչել հա­­­մայնքի ան­­­դամնե­­­րը:

Էկո­­­յեանի խորհրդա­­­ծու­­­թիւննե­­­րը կը խո­­­րանան, երբ ան կը յի­­­շէ Գաս­­­պա­­­­­­­րին հետ իր աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը «Օրա­­­ցոյց» ֆիլ­­­մին վրայ՝ նո­­­րան­­­կախ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ։ Ֆիլ­­­մը Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի այլ վայ­­­րե­­­­­­­րու կող­­­քին՝ նկա­­­րահա­­­նուած էր Հաղ­­­պա­­­­­­­տավան­­­քի մէջ, ուր Փա­­­րաճա­­­նովի «Նռան գոյ­­­նը» ֆիլ­­­մէն դուրս եկած են գլուխգոր­­­ծոց տե­­­սարան­­­ներ: Ըստ Էկո­­­յեանի, այսպի­­­սով ան ուղղա­­­կիօրէն փոր­­­ձա­­­­­­­ռեց Փա­­­րաճա­­­նովի տե­­­սողա­­­կան լե­­­զուին խո­­­րունկ ազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւնը։ Ֆիլ­­­մի յի­­­շար­­­ժան պա­­­հի մը ըն­­­թացքին, Էկո­­­յեան իր խօս­­­քը կ’ուղղէ քա­­­մերա­­­յին ետեւ կանգնած Գաս­­­պա­­­­­­­րին՝ յի­­­շելով իրենց բաժ­­­նեկցած ճամ­­­բորդու­­­թիւնը եւ զու­­­գա­­­­­­­հեռ­­­նե­­­­­­­րը՝ իրենց աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քին եւ Փա­­­րաճա­­­նովի մի­­­ջեւ։

Ֆիլ­­­մին զգա­­­ցական առանցքը կը կա­­­յանայ արո­­­ւես­­­տի՝ ճնշու­­­մը գե­­­րազան­­­ցե­­­­­­­լու կա­­­րողու­­­թեան ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թեան մէջ։ Փա­­­րաճա­­­նովի կեան­­­քը, որ դրոշ­­­մո­­­­­­­ւած էր բան­­­տարկու­­­թեամբ եւ գրաքննու­­­թեամբ, կը դառ­­­նայ գե­­­ղարո­­­ւես­­­տա­­­­­­­կան անհնա­­­զան­­­դութեան խորհրդա­­­նիշ։ Նոյ­­­նիսկ ամե­­­նադ­­­ժո­­­­­­­ւար պայ­­­մաննե­­­րուն մէջ, ան շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեց ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծել՝ օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծե­­­­­­­լով իրեն հա­­­սանե­­­լի որե­­­ւէ նիւթ քո­­­լաժ­­­ներ, քան­­­դակներ եւ գծան­­­կարներ պատ­­­րաստե­­­լու հա­­­մար։

Ճյան նաեւ կ'անդրա­­­դառ­­­նայ ժա­­­մանա­­­կակից խնդիր­­­նե­­­­­­­րուն՝ զու­­­գա­­­­­­­հեռ­­­ներ քա­­­շելով Փա­­­րաճա­­­նովի պայ­­­քա­­­­­­­րին եւ Ար­­­ցա­­­­­­­խի ու Ուքրա­­­նիոյ ճգնա­­­ժամե­­­րուն մի­­­ջեւ։ Թէեւ այս մա­­­սերը եր­­­բեմն ծան­­­րա­­­­­­­բեռ­­­նո­­­­­­­ւած կը թո­­­ւին, անոնք կ'ընդգծեն Փա­­­րաճա­­­նովի պատ­­­գա­­­­­­­մին հա­­­մընդհան­­­րա­­­­­­­կանու­­­թիւնը՝ թէ արուես­­­տը կրնայ ըլ­­­լալ հզօր գոր­­­ծիք մը դի­­­մադ­­­րութեան եւ բժշկման հա­­­մար։

Հար­­­ցազրոյցնե­­­րու փայ­­­լուն շար­­­քը կը նե­­­րառէ Էմիր Քուստու­­­րի­­­­­­­ցա, Թար­­­սեմ Սինկհ, Ար­­­տա­­­­­­­ւազդ Փէ­­­լէշեան եւ Չուլփան Խա­­­մատո­­­վա, որոնց նե­­­րըմբռնումնե­­­րը կը խո­­­րաց­­­նեն մեր հաս­­­կա­­­­­­­ցողու­­­թիւնը Փա­­­րաճա­­­նովի հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին ազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թեան մա­­­սին։ Անոնց վկա­­­յու­­­թիւննե­­­րը՝ հիւ­­­սո­­­­­­­ւած ար­­­խի­­­­­­­ւային նիւ­­­թե­­­­­­­րու եւ Փա­­­րաճա­­­նովի ֆիլ­­­մե­­­­­­­րէն հա­­­տուած­­­նե­­­­­­­րու հետ, կը ստեղ­­­ծեն խճան­­­կար մը, որ կը մե­­­ծարէ անոր արո­­­ւես­­­տը՝ միաժա­­­մանակ անդրա­­­դառ­­­նա­­­­­­­լով անոր նշա­­­նակու­­­թեան այ­­­սօ­­­­­­­րուան աշ­­­խարհին մէջ։

Հա­­­կառակ ֆիլ­­­մի եր­­­կա­­­­­­­րու­­­թեան եւ եր­­­բեմն ճնշիչ ու խառն թո­­­ւացող նիւ­­­թե­­­­­­­րուն, ««Ես վրէժխնդիր կը լի­­­նեմ աշ­­­խարհից սի­­­րոյ մի­­­ջոցով» - Ս. Փա­­­րաճա­­­նով»-ը յաղ­­­թա­­­­­­­նակ մըն է։ Ճյա­­­նի հա­­­մար­­­ձակ բե­­­մադ­­­րութիւ­­­նը, Գաս­­­պա­­­­­­­րի շունչ կտրող լու­­­սանկար­­­չութիւ­­­նը եւ յու­­­զիչ երաժշտու­­­թիւնը ներ­­­դաշնա­­­կօրէն կը գոր­­­ծեն՝ ստեղ­­­ծե­­­­­­­լու ֆիլմ մը, որ նոյնքան տե­­­սողա­­­կանօ­­­րէն ցնցող է, որ­­­քան զգա­­­ցակա­­­նօրէն ար­­­ձա­­­­­­­գան­­­գող։

Կը յու­­­սանք, որ այս շար­­­ժա­­­­­­­պատ­­­կե­­­­­­­րային գո­­­հարը իր ճամ­­­բան կը գտնէ դէ­­­պի Հա­­­մազ­­­գա­­­­­­­յինի «Նուռ» ֆիլ­­­մի փա­­­ռատօ­­­նի այս տա­­­րուան ներ­­­կա­­­­­­­յացումնե­­­րու շար­­­քին՝ տեղ­­­ւոյն հայ հա­­­մայնքին առիթ ըն­­­ծա­­­­­­­յելով փոխ­­­յա­­­­­­­րաբե­­­րելու անոր հզօր թե­­­մանե­­­րուն հետ։ Փա­­­րաճա­­­նովի ժա­­­ռան­­­գութիւ­­­նը, ու­­­ժե­­­­­­­ղացած Ճյա­­­նի տես­­­լա­­­­­­­կանով, կը յի­­­շեց­­­նէ մե­­­զի արո­­­ւես­­­տին յա­­­րատեւ զօ­­­րու­­­թիւնը՝ ներշնչե­­­լու եւ յոյս տա­­­լու:

Սեր­­­կէյ Փա­­­րաճա­­­նովի հա­­­րիւ­­­րա­­­­­­­մեակը տօ­­­նախմբե­­­լով, Զա­­­ռա Ճյան ստեղ­­­ծած է ֆիլմ մը, որ կը գե­­­րազան­­­ցէ իր մի­­­ջոցը՝ կանգնե­­­լով իբ­­­րեւ վկա­­­յու­­­թիւն ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծա­­­­­­­կանու­­­թեան ան­­­խոնջ ոգիին։ Ան կոչ մըն է արո­­­ւես­­­տա­­­­­­­գէտ­­­նե­­­­­­­րուն՝ ամե­­­նու­­­րէք, գրկե­­­լու իրենց ար­­­հեստն ու արո­­­ւես­­­տը քա­­­ջու­­­թեամբ, սի­­­րով եւ ճշմար­­­տութեան հան­­­դէպ ամուր յանձնա­­­ռու­­­թեամբ ու հա­­­մար­­­ձա­­­­­­­կու­­թեամբ:

 

Ռուբէն Ճանպազեան


«Ակօս»