image

Լիբանանի Մօտ Բրիտանիոյ Դեսպանը «Գարակէօզեան» Հիմնարկ Այցելեց

Լիբանանի Մօտ Բրիտանիոյ Դեսպանը  «Գարակէօզեան» Հիմնարկ Այցելեց

 Լիբանան-   «Ազդակ» օրաթերթէն կ'իմանանք, որ   Լիբանանի մօտ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր  այցելած է «Գարակէօզեան» հաստատութիւն:   Դեսպանին ընկերակցած են  «Պի. Պի. Սի. Լոնտոն»-ի լրագրողներ: Դեսպան Թոմ Ֆլեչըրին ընդունած  «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան: Դեսպանը  եւ իր ընկերակիցները շրջած են  «Գարակէօզեան» հաստատութեան մէջ, ծանօթացած  հաստատութեան անձնակազմին եւ գործող բժիշկներուն: Ֆլեչըր ըսած, թէ ան բարձր կը գնահատէ վերջին շրջանին ՄԱԿ-ի եւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան միջեւ տեղի ունեցող համագործակցութիւնը:«Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, գնահատելով դեսպան Թոմ Ֆլեչըրին այցելութիւնը եւ Բրիտանիոյ ժողովուրդին կողմէ կատարուած օժանդակութիւնները Լիբանանին, որ իր կարգին ընկերային եւ տնտեսական ծանր պայմաններու առջեւ կը գտնուի, երկրին մէջ աննախընթաց կերպով սուրիացի եւ միջինարեւելեան երկիրներու այլ քաղաքացիներու գաղթին պատճառով: Ապա Օհանեան անոր յանձնած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով պատրաստուած յուշանուէր մը: