image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի մէջ. ՀՅԴ Պատուիրակութիւն մը այցելեց «Լիբանանեան ուժեր»ու կեդրոնատեղի

Լիբանանի մէջ. ՀՅԴ Պատուիրակութիւն մը այցելեց «Լիբանանեան ուժեր»ու կեդրոնատեղի

 

 Պէյրութի «Ազդակ»էն կը կարդանք՝

 

 

ՀՅԴ պատուիրակութիւն մը երեքշաբթի, 18 մարտ 2025-ի երեկոյեան այցելեց Մաարապ, ուր տեսակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:

 

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան եւ քարտուղար Ճորճ Գրիգորեան: Ժողովին ներկայ գտնուեցան երեսփոխաններ Մելհեմ Ռիաշի եւ Ռազի Հաժ, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Ռիշար Գույումճեան:

Քննարկումի նիւթ դարձան շրջանային զարգացումներն ու Լիբանանը անոնց հետեւանքներէն զերծ կացուցելու միջոցները, Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական ու տնտեսական մարտահրաւէրներն ու յառաջիկայ փուլի ազգային առաջնահերթութիւնները:

Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի անդրադարձաւ Սուրիոյ ներքին իրադարձութիւններուն ու Լիբանանի հետ սահմանագիծին վրայ պատահած դէպքերուն, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի տագնապի նորագոյն զարգացումներուն:

«Լիբանան, շրջանային այս ցնցումներուն զուգահեռ դուրս եկած է ծանր հետեւանքներ ունեցած պատերազմէ, ընտրած է նոր նախագահ եւ կազմած է կառավարութիւն, մէկ խօսքով` շրջանն ու երկիրը թեւակոխած են զգայուն նոր փուլ, եւ այս պայմաններուն մէջ հարկ է, որ երկրին քաղաքական ուժերը խորհրդակցին երկիրը շրջանային եւ ներքին փոթորիկներէն ապահով ծովափ հասցնելու միջոցներուն մասին, եւ այս իմաստով կարեւոր եւ միշտ արդիւնաւէտ է տոքթ. Ժահժահի հետ խորհրդակցութիւնը», ըսաւ Բագրատունի: