Օրերս, Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցած է Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի 2024 տարուան նիստը։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Պէյրութի «Ազդակ»էն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ՝
Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի 2024 տարուան նիստը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 28 յունիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վիգէն Աւագեան բացուած յայտարարեց ժողովը, որմէ ետք ընթացք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի «Հայր մեր» եւ «Զգործս» աղօթքներով: Ապա խօսք առաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան, որ նշեց, թէ հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող առօրեայ դժուարութիւններուն, Ազգային վարչութիւնը ձեռք-ձեռքի տալով, կրցած է դիմագրաւել զանոնք եւ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ հսկել Ազգային առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու գործունէութեան: Ան նաեւ ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ իւրաքանչիւր խորհուրդի ու յանձնախումբի աշխատանքներուն մասին, որոնց մանրամասնութիւնները ներկայացուած էին տեղեկագիրին մէջ: Արսլանեան կոչ ուղղեց ազգային երեսփոխաններուն` իրենց աջակցութեամբ, ներկայութեամբ եւ փորձառութեամբ սատար հանդիսանալու աշխատանքներուն:
Այնուհետեւ ժողովը ներկայացուած զեկուցումներու լոյսին տակ քննեց Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի միամեայ աշխատանքները: Ժողովականները լայն անդրադարձ կատարեցին ազգային վարժարաններու պարզած իրավիճակին եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն շուրջ: Ժողովականները գնահատեցին Ազգային վարչութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ` յանձնախումբերու եւ խորհուրդներու աշխատանքը: Կատարուեցան առաջարկներ` ընկերային բաժանմունքի, «Աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ի, քահանայ հայրերու պատուեգինի, ազգային տուրքի սակացոյցի, եւ այլ նիւթերու շուրջ, եւ որդեգրուեցան շարք մը որոշումներ` առաւել եւս բարելաւելու համար տարուած աշխատանքները:
Ժողովը փակուեցաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով: