Լիբանանի Ազգային անվտանգութեան ուժերը օրերս ուժեղացուցած են Արաբական Ծոցի երկիրներու դեսպանութիւններու անվտանգութեան միջոցառումները, կը գրէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:
Առաւելապէս անվտանգութեան ուժերու ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Սէուտական Արաբիոյ դեսպանութեան ու անոր աշխատակիցներու պաշտպանութեան վրայ, նկատի ունենալով, որ վերջին դէպքերու հետ կապուած անոնց նկատմամբ սպառնալիքներն ստացած են ամէնօրեայ բնոյթ:
Անվտանգութեան ուժերը քննութիւն կը կատարեն, բացայայտելու համար նշուած սպառնալիքներու աղբիւրները, ըլլան անոնք Լիբանանի ներսէն, թէ՝ դուրսէն, նպատակ ունենալով անոնց առաջքն առնել ու ապահովել Լիբանան գտնուող օտարերկրացի դիւանագէտներու եւ դիւանագիտական կառոյցներու անվտանգութիւնը:
Այս առթիւ, Լիբանանի Գլխաւոր դատախազութիւնն զգուշացուցած է որեւէ դեսպանութեան դէմ անկարգութեան կամ յարձակման փորձ կատարելէ, կամ դիւանագէտներ առեւանգելէ, որովհետեւ այն կրնայ վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ նոյն իր՝ Լիբանանի ու անոր քաղաքացիներուն համար: