image
Հրատապ լուրեր:

ՀԱՊԿ-ի երկիրներու խորհրդարանական յանձնաժողովներու նախագահներ պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ

ՀԱՊԿ-ի երկիրներու խորհրդարանական յանձնաժողովներու նախագահներ պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ

ՀԱՊԿ երկիրներու խորհրդարաններու յանձնաժողովներու ղեկավարները փետրուար 7-ին պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ։

«Վաղը մենք պիտի հանդիպինք ՀԱՊԿ-ի հարցերով յանձնաժողովներու նախագահներու հետ, քանի մը ժամ  պիտի աշխատինք»,-ըսած է Ռուսիոյ պետական Տումայի ԱՊՀ գործերով, եւրասիական համարկամն եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնաժողովի ղեկավար Լեոնիտ Քալշնիքովը։

Հայաստանը տեւական ժամանակ սառեցուցած է մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ի միջոցառումներուն, այդ շարքին՝ համատեղ զօրավարժութիւններուն, հանդիպումներուն, բայց պաշտօնապէս չէ դիմած ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու գործընթաց սկսելու համար։