image

Լիբանանի եւ Արցախի կարիքաւորներուն համար համերգ՝ Նիւ Եորքի մէջ

Լիբանանի եւ Արցախի կարիքաւորներուն համար համերգ՝ Նիւ Եորքի մէջ

Կիրակի, Նոյեմբեր 14-ին, երկու պատանիներ՝ Անահիտ Ինճիկիւլեան եւ Պենճըմին Զասլաւսկի, այցելեցին Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին իրենց ծնողներուն հետ։ Երկու պատանիները, որոնք Հոկտեմբեր 17-ին կազմակերպած էին «Կեանքեր փոխեցէ՛ք, աշխարհը փոխեցէ՛ք» բարեսիրական համերգը Մայր եկեղեցւոյ մէջ, հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեանին յանձնեցին համերգին շնորհիւ հաւաքուած գումարը՝ 18.000 տոլարի վճարագրով։

Գումարը պիտի յատկացուի Լիբանանի ու Արցախի կարիքաւոր ընտանիքներու՝ Ազգային Առաջնորդարանի միջոցով, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի համալսարանի կուրծքի քաղցկեղի հետազօտութեան։

Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց երկու նախաձեռնարկ պատանիներուն, իրենց ծնողներուն, մասնակից երաժիշտներուն ու երգիչներուն եւ բոլոր նուիրատուներուն։ Ան գնահատագրեր յանձնեց Անահիտ Ինճիկիւլեանին, Պենճըմին Զասլաւսկիին եւ համերգին միւս մասնակիցներուն, միաժամանակ հրաւիրելով բոլորը, որ իրենք զիրենք նկատեն Մայր Եկեղեցւոյ «մշակութային» ծխականներ: