image
Հրատապ լուրեր:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին ի պատիւ համերգ՝ Նիւ Եորքի մէջ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին ի պատիւ համերգ՝ Նիւ Եորքի մէջ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 30-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններուն շարքին տեղի ունեցած է հանդիսաշուք երգահանդէս մը Նիւ Եորքի աշխարհահռչակ Քարնըկի հանդիսասրահին մէջ։ Միջոցառումը կազմակերպած էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմը, իսկ բեմ բարձրացաւ միջազգային բեմերու վաստակաւոր մեներգակ Իզապէլ Պայրագտարեանը։

 

Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ «Կիլիկիա» հարթակէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը.

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 30 ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններու շղթային աւելցաւ աշխարհահռչակ Քարնըկի հանդիսասրահին (Carnegie Hall) մէջ հրամցուած երգահանդէսը` կազմակերպութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմին, կատարողութեամբ միջազգային բեմերու վաստակաւոր մեներգակ Իզապէլ Պայրագտարեանի։

Նորին Սրբութեան գահակալութեան ի պատիւ տրուած երգահանդէսին յատուկ կերպով ներկայ գտնուեցաւ Ամերկայի Միացեալ Նահանգներու յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Էլփիտոֆորոս արքեպիսկոպոսը։

Յայտնենք, որ համերգը բաղկացած էր երեք գլխաւոր բաժիններէ` հոգեւոր, հին գեղչական եւ դասական երգեր։ Ներկաները հիացումով ընբոշխնեցին հայ դասական երաժշտութենէն քաղուած ընտրանին։

Երգահանդէսէն ետք, հիւրերու յատուկ սենեակի մը մէջ, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Իզապէլ Պայրագտարեանը եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց անոր՝ վերյիշելով Պայրագտարեան ընտանիքի բոլոր անդամներուն ծառայութիւնը մեր եկեղեցւոյ մէջ` Լիբանանէն սկսեալ մինչեւ Միացեալ Նահանգներ։ Յիշենք, որ Վեհափառ Հայրապետը «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պատուած է երգչուհին` Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, անոր կատարած հոգեւոր համերգին առիթով։