image

Մասաչուսէց. Ամանորեայ համերգ՝ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ

Մասաչուսէց. Ամանորեայ համերգ՝ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ

Օրերս, Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է յիշատակելի համերգ մը, որ նուիրուած էր Հայաստանի ժառանգութեան։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «hairenikweekly»-էն։

Ուրբաթ 12 Դեկտեմբերին, Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ յիշատակելի համերգ մը, որ նուիրուած էր Հայաստանի ժառանգութեան։ Ղեկավարութեամբ Լուքա Անթոնուչիի՝ Պոսթընի Orchestra Without Borders նուագախումբը հմտօրէն ներկայացուց յայտագրի վրայ նկատի առնուած գործերը։

Շրջանի հովիւ՝ Գերպ․ Տ․ Հրանդ Ծ․ վարդապետ Թահանեանի բացման խօսքէն ետք, նուագախումբը առաջին հերթին նուագեց Ալըն Յովհաննէսի Celestial Fantasy opus 44-ը, որուն յաջորդեց Խորհրդային Միութեան օրերու յօրինող Ալեքսանտր Յարութիւնեանի Sinfonietta-ն։

Աւելի քան 250-է աւելի ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան այս ձեռնարկին, որուն առիւծի բաժինն էր Վարդապետ Կոմիտասը։ Արդարեւ, 12 գործեր ներկայացուեցան, որոնց մէկ մասին բառերը ընթերցուեցան շրջանի տարբեր յարանուանութիւններու հովիւներու եւ անձնաւորութիւններու կողմէ։ Այս գործերու շարքին էին՝ «Շողեր ճան», «Վաղարշապատի պար», «Հոյ Նազան իմ», «Քելէ քելէ», «Չինար ես», «Կռունկ», «Կագաւի երգ»․․․։ Այս վերջին երկու գործերուն ընկերացան նաեւ «Սայաթ Նովա» պարախումբի հեզաճկուն պարուհիները, որոնք յաւելեալ հարազատութիւն մը ստեղծեցին հայրենի ժառանգութիւնը խորհրդանշող այս ձեռնարկին։

Աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին ներքեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ ցուցադրուեցան Կոմիտաս վարդապետի մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններ, տրամադրուած Հայկական ուսումնասիրութիւններու (NAASR) հիմնարկին կողմէ։