image

Պոլիս. Տեղի ունեցած է հոգեւոր երգերու համերգ

Պոլիս. Տեղի ունեցած է հոգեւոր երգերու համերգ

Օրերս Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած է հոգեւոր երգերու համերգ մը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ։

 24 Մայիսին, Գատըգիւղի Ս. Լեւոն Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ  սարքուեցաւ  «Տեղի ձայնը. Համբարձում Լիմոնճեանէն մինչեւ Զիլճեան ընտանիք, հոգեւոր երգեր, ֆասըլ» անունով համերգ մը։

Համերգային յայտագիրը  բացուած է  Էրսու Փեքինի ելոյթով։ Վերջինս խօսած է  ծնծղայի ու քշոցի մասին, որոնք կը գործածուին հայկական հոգեւոր երգերու մեկնաբանութեան ընթացքին,  եւ  ներկայացուցած ւ Համբարձում Լիմոնճեանի խազագրութեամբ յօրինուած երգերը՝ Նիկողոս Աղայէն մինչեւ Պիմէն Շէն, Թադէոս Էֆենտիէն մինչեւ Աղաբօս Ալեանաք։

Յայտագրին մասնակցած են  Մուրատ Իչլինալչա եւ Թադէոս Քարափէքմէզ, Այպիւքէ Տէմիր Օքան, Հիւսէյին Քըյաք, Այնուր Էզկի Իւքսէ։