image

Մահ՝ գիտնական Մելինէ Գարագաշեանի

Մահ՝ գիտնական Մելինէ Գարագաշեանի

Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կը գուժէ 1961-ի իր շրջանաւարտներէն Մելինէ Ժամկոչեան Գարագաշեանի մահը, որ պատահեցաւ  ուրբաթ 30 Մայիս 2025ին:

Մելինէ Գարագաշեան ծնած է Պէյրութ՝ 1943-ին։ Իր նախնական ու երկրորդական ուսումը  ստացած է Ս. Նշան վարժարանին եւ Ճեմարանին մէջ: Ֆրանսական պաքալորէայի փորձառական գիտութիւններու ճիւղին հետեւած է Միջազգային քոլեճին մէջ: Ապա հաստատուած է Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի քաղաքը, ուր Ռաթկըրզ եւ Սիթըն Հոլ համալսարաններուն մէջ ստացած է տոքթորական տիտղոս` հոգեբանութեան մէջ:

Հայրենի երկիրը ցնցող երկրաշարժէն ետք կ՚անցնի Հայաստան եւ իր օգնութիւնը կ՚ընծայէ Սպիտակի, Ղարաբաղի, Շահումեանի եւ Մարտակերտի աղէտեալներուն: Կը մասնագիտանայ հոգեբանական ճիւղին մէջ եւ կը դասախօսէ թէ՚ հայրենիքի եւ թէ՚ Նիւ Ճըրզիի մէջ` հոգեբանութեան նիւթերու շուրջ:

2001 թուին, Նիւ Եորքի ահաւոր աղէտէն ետք, կը դասաւանդէ Նիւ Ճըրզիի Հոգեբանութեան ընկերակցութեան անդամներուն եւ կը գնահատուի Մտային առողջութեան ընկերակցութեան եւ Ամերիկեան հոգեբանութեան ընկերակցութեան նախագահներուն կողմէ:

Գրած է անգլերէն եւ հայերէն գիտական յօդուածներ: 2005-ին լոյս ընծայած է «Ցեղասպանութեան հոգեցնցումն ու ազգային ինքնութիւնը» խորագրեալ հատորը: 

Հեղինակ է «Կոմիտաս»  հատորին եւ այլ աշխատութիւններու, աշխատակցած է մամուլին։