Յարգանքի եւ սիրոյ վրայ հիմնուած բարեկամութիւն մը Լիբանանի խորհրդանիշներէն՝ հանրայայտ երգչուհի Ֆէյրուզ իր ասպարէզի երկար ճանապարհի ընթացքին հանդիպում ունեցած է Լիբանան այցելող ֆրանսացի երգչուհի Միրէյ Մաթիոյի հետ, եւ այդ հանդիպումը դեր խաղցած է, որ ան ծանօթ դառնայ նաեւ եւրոպայի հանրութեան:
Օրերս, 961 կայքը անոնց հանդիպման մասին կատարած է ուշագրաւ անդրադարձ մը։
Ստորեւ «Արեւելք» թարգմանաբար կը ներկայացնէ այդ ակնկարկը։
1974 թուականին, հանրաճանաչ ֆրանսացի երգչուհի Միրէյ Մաթիօ այցելած է Լիբանան, հոն ուր տարի մը ետք միայն պիտի սկսէր քաղաքացիական պատերազմը:
Մաթիօ լուսանկարներ ունի Լիբանանի իր ացելութենէն, ինչպէս՝ Պէյրութի պատմական բանջարեղէնի շուկային՝ Սուք Նուրիէի մէջ։
Նոյն թուականին Մաթիօ ձայնագրած է «Mireille à Byblos» (Միրէյը Պիպլոսի մէջ) համերգային ալպոմը Պիպլոս (Ժիպէյլ) ծովափնեայ եւ պատմական բերդ- քաղաքին
մէջ։ Լիբանանի մէջ արձանագրուած այս ձայնապնակը չափազանց հազուագիւտ է ներկայիս եւ կը համարուի թանկարժէք իր։
Մաթիօ Լիբանանի «աստղերու դեսպան»ի Ֆէյրուզի մտերիմ ընկերուհին եղած է։ Անոնց միատեղ լուսանկարներէն յստակ կ'երեւի, որ անոնք լաւ ընկերուհիներ են: Ճիշդ է թէ Ֆէյրուզ հանդիպած է միջազգային բազմաթիւ արուեստագէտներու հետ, բայց կարծես Մաթիոյի հանդէպ տատած է յատուկ մտերմութիւն մը։
1974-ին Ֆէյրուզ նոյնիսկ հիւրընկալած է Մաթիօն իր բնակարանին մէջ։Իսկ մէկ տարի ետք Մաթիօն պատիւը ունեցած է հանդիպելու Ֆէյրուզին հետ Ֆրանսայի մէջ։
Ֆէյրուզ երբ առաջին անգամ ըլլալով եւրոպական հեռատելային ալիքի մը մէջ ելոյթ ունեցած է, ֆրանսական «Numéro 1» յայտագրի ընթացքին, «Հապպէյթաք Պիլսէյֆ» («Սիրեցի քեզ Ամրան» Խմբ.՝ «Արեւելք») երգը նուիրած է Մաթիոյին, որ ելոյթէն ետք ջերմօրէն գրկած է Ֆէյրուզը:
Տարիներ ետք, ֆրանսացի աստղը կրկին այցելած է Լիբանան 2015 թուականին, ելոյթ ունենալու Պիպլոսի միջազգային փառատօնին, նոյն այն քաղաքին մէջ, ուր 41 տարի առաջ ձայնագրած էր իր համերգային ալպոմը։ Ան սիրուած երգչուհի է նաեւ Լիբանանի հասարակութեան կողմէ:
Միրէյ Մաթիօ ունի աւելի քան 1200 երգ 11 լեզուներով եւ վաճառած է 150 միլիոնէ աւելի ալպոմ ամբողջ աշխարհով։ Ան աշխոյժ է իր երաժշտական ասպարէզին մէջ եւ վերջերս միացած է նաեւ ինսդակրամեան ընկերային հարթակին: