«Ես մահաթմբիրի մէջ էի, կը պայքարէի իմ կեանքիս համար վերակենդանացման բաժնին մէջ, մինչդեռ իմ ընտանիքս դուրսը՝ մտահոգ կը տառապէր: Այդ օրէն ի վեր ճամբաս եղաւ երկար, ցաւոտ եւ կեանքս փոխուեցաւ, հաշմանդամ դարձայ, այլեւս չեմ կրնար ընել շատ մը գործեր, որոնք կը սիրէի ընել, բայց մասնագէտներու օգնութեամբ այսօր կրնամ քալել։ Այս տարի պիտի քալեմ անոնց համար, որոնք օգնեցին ինծի, երբ ես չէի կրնար ոտքի կենալ»։
Երբեմն կը պատահին արկածներ, որոնք հիմնովին կը փոխեն մարդուս կեանքը: Այսպիսի արկածի մը հանդիպած է գանատահայ Ռիչըրտ Փափազեան 9 ամիս առաջ. անոր մարմինը ծանր աստիճանի այրուածքներու ենթարկուած է:
«Արեւելք» (Գանատա) Ապրելէ ետք այդ ծանրագոյն փորձառութիւնը մեր հայրենակիցը ապաքինած է եւ օրերս կատարած է հոգեշահ գրառում մը, ու զայն թարգմանաբար կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Ռիչըրտ Փափազեան մասնաւորապէս կը գրէ.-
«Պիտի մասնակցիմ քայլարշաւի եւ քալեմ դատի մը համար, որ փրկեց իմ կեանքը:
Միացէք ինծի աջակցելու Fondation des Pompiers du Québec pour Les Grands Brûlés-ին (Քեպեքի հրշէջներու հիմնադրամ ծանր այրուածքներու համար):
1 յունիս, 2025-ին, պիտի մասնակցիմ LA COURSE DES POMPIERS 2025-ին (հրշէջներու վազք 2025), ոչ թէ որպէս քալող, այլ՝ վերապրող, ամուսին, հայր եւ մէկը, որ գրեթէ կորսնցուցած է ամէն ինչ։
7 օգոստոս, 2024-ին, իմ կեանքը առ յաւէտ փոխուեցաւ։ Այդ օրը, նոր ինքնաշարժներու վաճառասրահին մէջ տեղի ունեցաւ զօրաւոր պայթում մը, որուն հետեւանքով մարմնիս կէսէն աւելին ստացաւ երրորդ եւ չորրորդ աստիճանի այրուածքներ։ Ես մահաթմբիրի մէջ էի, կը պայքարէի իմ կեանքիս համար վերակենդանացման բաժնին մէջ, մինչդեռ իմ ընտանիքս դուրսը՝ մտահոգ կը տառապէր: Այդ օրէն ի վեր ճամբաս եղաւ երկար, ցաւոտ եւ կեանքս փոխուեցաւ, հաշմանդամ դարձայ, այլեւս չեմ կրնար ընել շատ մը գործեր, որոնք կը սիրէի ընել, բայց մասնագէտներու օգնութեամբ այսօր կրնամ քալել։ Այս տարի պիտի քալեմ անոնց համար, որոնք օգնեցին ինծի, երբ ես չէի կրնար ոտքի կանգնիլ։
Պիտի քալեմ գումար հաւաքելու հիմնադրամ՝ Fondation des Pompiers du Quebec pour Les Grands Brûlés-ին, որ եղաւ ընտանիքիս եւ իմ կողքին, երբ մենք կարիքն ունէինք այդ նեցուկին։ Անոնք տուին աջակցութիւն, ուղղութիւն եւ միջոցներ, որոնք օգնեցին մեզի յաղթահարելու մեր կեանքի ամենադժուար պայքարը։ Անոնց կարեկցանքի պատճառով մենք առանձին չէինք։
Հիմա ժամանակն է, որ վերադարձնեմ այդ խոշոր բարիքը։
Ես պիտի քալեմ ի պատիւ իւրաքանչիւր այրուածքէ վնասուողի, որ տակաւին կը պայքարի, իւրաքանչիւր ընտանիքի, որ կը սպասէ հիւանդանոցի սենեակին առջեւ եւ իւրաքանչիւր մարդու, որ կարիքն ունի յոյսի։ Եթէ հետեւած էք ինծի, աջակցած էք մեզի հեռուէն կամ պարզապէս կ'ուզէք օգնել նպատակասլաց գործի մը, խնդրեմ, մտածեցէք նուիրատուութիւն ընել եւ աջակցիլ իմ քայլարշաւին։
Հիմնադրամի (Foundation des Pompiers du Quebec) առաքելութեան ետեւ կանգնած են հոգատար անհատներ, որոնք հպարտութեամբ կ'աջակցին Քեպեքի այրուածքէ տառապողներու օգնութեան գործին բազմաթիւ ձեւերով։ Անոնք կը տրամադրեն յատուկ միջոցներ՝ բուժում, խնամք եւ վերականգնում: Ձեր ներդրումը կ'օգնէ շարունակելու անոնց տարած կարեւոր աշխատանքը։
Նոյնիսկ եթէ չեք կրնար նուիրատուութիւն ընել, կրնաք բաժնեկցիլ այս հաղորդագրութեամբ։ Եթէ կը ճանչնաք զիս, ուրեմն գիտէք, որ ես ընկերային հարթակներու մէջ չկամ, ուստի կ'ապաւինիմ ձեզի այս լուրը տարածելու համար։ Չկայ մեծ ու փոքր նեցուկ, իւրաքանչիւր տոլար կ'օգնէ մէկու մը, որ գոյատեւէ եւ վերականգնուի, ինչպէս ես ըրի։
Մենք միասին կրնանք կեանքեր փրկել։
Նուիրատուութիւն ըրէք այս յղումով կամ կիսուեցէք այս գրութեամբ:
https://raceroster.com/.../pledge/participant/36146613
Ռիչըրտ Փափազեան
Գանատահայ Վերապրող»: