image

Նուիրեալ հայ եւ Քրիստոսի ուսմունքին հաւատարիմ հաւատացեալ. Պէյրութի մէջ մահացած է Յարութիւն Գարատաղլեան

Նուիրեալ հայ եւ Քրիստոսի ուսմունքին հաւատարիմ հաւատացեալ. Պէյրութի մէջ մահացած է Յարութիւն Գարատաղլեան

Օրերս իր մահկանացուն կնքած է լիբանանահայ Յարութիւն Արամ Գարատաղլեան:

«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:

Յարութիւն Գարատաղլեան ծնած է Լիբանան 1937-ին: Սերած է հայ կաթողիկէ ատանացի բազմանդամ ընտանիքէ: Ունեցած է երեք եղբայր եւ երեք քոյր: 

1964-ին ամուսնացած է Հալա Խազզումի հետ եւ ունեցած հինգ զաւակ՝ երկու մանչ եւ  երեք դուստր:

Նախակրթարանի ուսումը ստանալէ ետք նետուած է կեանքի ասպարէզ ու  հմտացած է կօշկակարութեան մէջ: 33 տարեկանին իր կեանքը նուիրած է Աստծոյ ու դարձած Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան անդամ, որուն երկար տարիներ հաւատարմօրէն հետեւած ու ծառայած, որպէս այցելու քարոզիչ, վարչական անդամ, իսկ վերջին տարիներուն Լիբանանի եղբայրակցութեան վարչութեան ատենապետ:

2014-ին կաթուածահար եղած է, սակայն քանի մը տարի վերջ վերագտած իր առողջութիւնը։

Յարութիւնի կեանքի ամէնէն սիրելի հիմնական վայրերը եղած են եկեղեցին ու աղօթարանը: Եւ աղօթարանին ծառայելու միտումով  մեկնած  է Հայաստան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Սուրիա, ուր քարօզախօսութիւն ըրած:

Իր ընտանիքին մէջ եղած է հաւատարիմ հայր, եւ իր շրջապատին, իր թաղամասին, իր գործակիցներուն մօտ լաւ յիշատակներ ու լաւ վկայութիւն թողած: Միշտ եղած է ողորմած, կարեկցող, ձեռքը երկարած է իր շրջապատի կարօտեալներուն լուռ ձեւով: Իր սկզբունքը եղած է հետեւեալ Աստուածաշունչի համարը «Ես սորվեցայ գոհ ըլլալ իմ գտնուած վիճակիս մէջ»:

 Անցնող հինգշաբթի առաւօտեան ան իր հոգին աւանդած է միանալու իր սիրելի երկնաւոր հօր: 

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Կիրակի, 11 մայիս, 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Ս. Փրկիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, Պուրճ Համուտ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ Կաթողիկէ գերեզմանատունը: 

«Արդարներուն յիշատակը անթառամ կը մնայ յաւիտեան: Սաղմոս 112»: