Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պէտք է յստակ պարզաբանէ, արդեօ՞ք Գարեգին Բ.–ն խախտած է կուսակրօնութեան ուխտը եւ զաւակ ունի։ Այս հարցը պէտք է պարզաբանուի անյետաձգելիօրէն։ Այսօր եւս մէկ անգամ այս մասին գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
Յիշեցնենք, որ երէկ Փաշինեանը նմանատիպ եւս մէկ գրառում ըրած էր, որու մէջ մասնաւորապէս գրած էր․ «Եթէ պարզուի, որ իրօք Գարեգին Բ.-ն խախտել է կուսակրօնութեան ուխտը եւ զաւակ ունի, նա չի կարող լինել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս»։