Նախկին պոլսահայ, Մխիթարեան վարժարանի նախակրթարանէ շրջանաւարտ, ներկայիս ֆրանսաբնակ Օննիկ Ժամկոչեանի հեղինակութեամբ ֆրանսերէնով լոյս տեսած է կոթողային աշխատասիրութիւն մը՝ «Բարեփոխումներու ժամանակաշրջանը. օսմանահպատակ հայեր, Մահմուտ Բ. - Թանզիմաթ եւ Իսթանպուլը՝ 1800-1860ականներուն» խորագրի ներքեւ»։ Աւելի վերջ այս աշխատասիրութիւնը թարգմանուած է նաեւ թրքերէնի։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Նախկին պոլսահայ, Մխիթարեան վարժարանի նախակրթարանէ շրջանաւարտ, ներկայիս ֆրանսաբնակ Օննիկ Ժամկոչեանի հեղինակութեամբ ֆրանսերէնով լոյս տեսած էր կոթողային աշխատասիրութիւն մը՝ «Բարեփոխումներու ժամանակաշրջանը. օսմանահպատակ հայեր, Մահմուտ Բ. - Թանզիմաթ եւ Իսթանպուլը՝ 1800-1860ականներուն» խորագրի ներքեւ»։ Աւելի վերջ այս աշխատասիրութիւնը թարգմանուեցաւ նաեւ թրքերէնի՝ Սերքան Քեչէճիի կողմէ ու լոյս ընծայուեցաւ «Քիթափէվի» հրատարակչատունէն։ Թարգմանիչը Իզմիրի «9 Սեպտեմբեր» համալսարանի դասախօսներէն է։ Ան իր տոքթորայի աւարտաճառը պաշտպանած է Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան ու քաղաքական գիտութիւններու համալսարանի մէջ։ Մասնագիտացած է ռուսական կայսրութեան եւ կովկասի պատմութեան նիւթերու շուրջ։
Գրքի ետեւի կողքի վրայ կը կարդանք հետեւեալ ծանօթագրութիւնը. «Քիչ մը զարմանալի է որ Օսմանեան Մահմուտ Բ. սուլթանի ամենամտերիմ եւ ամենահաւատարիմ անձը հայ մըն էր։ Մահմուտ Բ., որ ծանօթ է որպէս բարեփոխիչ, նոյնիսկ «յեղափոխական» սուլթան, իր գահակալութեան օրերուն դէմ յանդիման մնացած էր լուրջ դժուարութիւններու հետ։ Այդ շրջանին, Գազազ Արթին Ամիրա Պէզճեան իր բոլոր կարողութիւններով զօրավիգ կանգնեցաւ թէ՛ սուլթանական ընտանիքին, ապահովելով անոնց կեանքի անվտանգութիւնը, թէ՛ կայսրութեան հողերու պաշտպանութեան։ Ան եղաւ սուլթանի անկեղծ եւ սրտամօտ բարեկամը։ Այս ուսումնասիրութիւնը կը ներկայացնէ 19րդ դարու «հաւատարիմ ազգ»ի ամենափայլուն ներկայացուցչի՝ Գազազ Արթինի եւ Մահմուտ Բ. սուլթանի սերտ յարաբերութիւնները, նաեւ լոյս կը սփռէ հարցերու վրայ, որոնք այդ շրջանին այնքան ալ մեծ հնչեղութիւն չէին ստացած»։
Ընթերցողներ վստահաբար գրքի ընթերցանութեամբ պիտի լուսաբանուին նաեւ թէ ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ պայմաններու տակ Գազազ Արթին Ամիրա յաջողած էր Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի հիմնադրութեան ֆերմանը ձեռք ձգել սուլթանէն։
Գիրքը կը բաղկանայ 320 էջերէ։ Լոյս տեսած է Ապրիլին։
Աւելցնենք նաեւ որ Օննիկ Ժամկոչեան, ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի ալ Իսթանպուլ հրաւիրուած էր 25 Մայիսին «29 Մայիս» համալսարանի մէջ բանախօսութիւն սարքելու «Հայերը արհեստի զանազան խումբերու մէջ՝ 19րդ դարու երկրորդ կիսուն» թէմայի շուրջ։
Դժբախտաբար կամքէ անկախ պատճառներով ու առողջական անհանգստութեան հետեւանքով Օննիկ Ժամկոչեան պիտի չկարենայ Իսթանպուլ գալ։ Բանախօսութիւնը յետաձգուած է մինչեւ աշնանային եղանակ։
Օննիկ Ժամկոչեան ծնած է 11 Յունիս 1955ին Իսթանպուլ։ 1964ին ընտանիքի հետ գաղթած է Փարիզ։ Լիսէի ուսման շրջանը աւարտելէ ետք ընդունուած է Սորպոն համալսարանի պատմութեան ֆաքիւլթէ եւ վկայուած է այս ճիւղէն։ 1980ին ստացած է տոչենթի վկայականը։ 1988-1997 թուականներուն մասնակցութիւն բերած է Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանի շուրջ բազմաթիւ համաժողովներու, ներկայացնելով բանախօսութիւններ։ Հեղինակ է աւելի քան տասը գիրքերու, որոնցմէ մին կը կոչուի «Օսմանեան ֆինանսական եւ դիւանագիտական պատմութեան վերաբերեալ յօդուածներու ժողովածու»։ Այս հատորը եւս տարի մը առաջ «Քիթափէվի» հրատարակչատան կողմէ հրատարակուեցաւ ֆրանսերէն լեզուով։