image

Լիբանանահայ գաղութը դժբխատաբար բռնած է մայրամուտի ճամբան. Տօքթ. Մեսրոպ Թասլաքեան

Լիբանանահայ գաղութը  դժբխատաբար բռնած է մայրամուտի  ճամբան. Տօքթ. Մեսրոպ Թասլաքեան

«Արեւելք» կը շարունակէ  մօտէն հետեւիլ Լիբանանի  զարգացումներուն: Այս  առումով բնականաբար  հայութեան   համար կիզակէտային  սկսած է դառնալ    ընթացող զարգացումներուն  առընթեր լիբանանահայութեան  ընդհանուր  վիճակն ու պատմական  համարուած   հայկական   գաղութին  վերապահուած  ճակատագիրն ու ապագան։

Մենք   նաեւ շատ  լաւ  գիտենք,  (չնայած  քիչ  չեն անոնք, որոնք   յաճախ  կը փորձեն անտեսել  այդ  փաստը) որ առնուազն  անցնող   երկու-երեք  տարիներուն   Լիբանանի մէջ  ընթացք  առաւ  դէպի  Հայաստան  ներհոսքի ողջունելի  ալիք մը։

Իսկ ինչ  կը վերաբերի այս ընթացող   իրադարձութիւններուն, ապա  կասկածէ  վեր է, որ այս  ցոյցերու աւարտին, ինչ ալ ըլլան  այդ  ցոյցերուն  արդիւնքները կամ հետեւանքները, դէպի Հայաստան   սկսած      ներգաղթի  ալիքը  աւելիով պիտի ուժեղանայ: 

Շատ  առիթներով,  տարբեր հարթակներէ  ու ամենատարբեր գործիչներու բերնէն  լսած  ենք ու դեռ ալ  պիտի լսենք, որ սփիւռքի  ողջ հայութեան  վերջին   հանգրուանն ու կայանը  Մայր Հայրենիք  Հայաստանն է։

Այս առումով այսօր  մեր ընթերցողներու  ուշադրութեան կը յանձնենք քուէյթահայ    ազգային գործիչ Տօքթ. Մեսրոպ Թասլաքեանի  այդ մասին  եղած  կարեւորագոյն դիտարկումները։

Յիշեցնենք, որ  Տօքթ. Թասլաքեանին  հետ սոյն  զրոյցը    ի կատար  ածեցինք՝  հաշուի առնելով  Լիբանանի մէջ    ստեղծուած տագնապը, մանաւանդ, որ մեր  խօսակիցի ծննդավայրը  Լիբանանի  Այնճար  հայաւանն է։

 

- Ծնունդով լիբանանցի էք ու լաւ կը ճանչնաք Լիբանանի  հայկական  գաղութը:  Մտահո՞գ էք   գաղութի ապագայով։ 

Տեսէ՛ք, ամէն գաղութ, որ ստեղծած ենք մեր գոյութեան բազմադարեայ շրջանին, ունեցած է ծնունդ, աճ, ոսկեդար և անկում: Ուզենք-չուզենք սա պատմական փաստ  եւ  բնական հոլովոյթ է: Անկման պատճառները այլազան են իւրաքանչիւր գաղութի պարագային: Պատերազմ, բնական աղէտներ, տնտեսական տագնապներ, արտագաղթ և ...ձուլում: Լիբանանահայ գաղութը հակառակ Մայր Գաղութի իր համբաւին, արդէն բռնած է մայրամուտի ճամբան, դժբախտաբար: Ցաւով կը նկատենք, որ Լիբանանի մէջ կորսնցուցած ենք ոչ միայն մեր երբեմնի հոծ թուաքանակը,  այլեւ հակառակ մերթ ընդ մերթ առկայծումներու` դանդաղ, բայց յստակ նահանջի մէջ են մեր կրթական, մշակութային օճախերը, մեր այլազան միութիւնները, կուսակցութիւնները, մամուլը: Ընդհանուր անտարբերութիւն կը տիրէ երիտասարդութեան մօտ, որոնց մէջ դժուարութիւն ունինք այլեւս մեր ազգային արժէքները վառ պահելու: Մենք կը նմանինք հողէն փրցուած ծաղիկին, որ արմատէն զրկուած` կ՛ապրի ծաղկամանի ջուրով: Լիբանանահայութիւնը եւս բռնած է դանդաղ լուծումի ճամբան: Դիւրին է, ի հարկէ տաք տեղէ խրատել- որ հայութիւնը  մնայ  ու տոկայ, դիմանայ  տնտեսական կամ ապահովական դժուարութեանց ի շահ գաղութի պահպանման, կամ ալ չդիմանալու պարագային` անպայմանօրէ՛ն Հայաստան ներգաղթէ դէմ յանդիման գտնուելով ապրուստի ոչ այնքան` փայլուն պայմաններու, անապահովութեան  եւ  նոր ու շատերու համար օտարոտի միջավայրի և սովորութեանց: Այս բոլորը կախում ունին ենթակայի ազգային գիտակցութենէն, ստացած դաստիարակութենէն և համոզումներէն: Իմ համոզումս է`որ անկախ Լիբանանի այսօրուայ կացութենէն, մեր վերջնական հանգրուանը Հայաստանն է, ուրկէ ոչ մէկը կրնայ մեզ օր մը դուրս դնել որպէս օտար: Միա՛կ տեղը հողագունդին վրայ, որ իսկապէ՛ս մերն է  եւ  կապուած ենք անոր ծագումով, լեզուով ու պատմութեամբ: Փափաքս է, որ մեր գաղութներու ազգային ղեկավարութիւնն ու հայրենի պետութիւնը լուրջ  եւ  սերտուած քայլեր առնեն ներգաղթ կազմակերպելու արտերկրի հայութեան գոնէ կարեւոր տոկոսը Հայրենիք փոխադրելու: Ժամանակը եկած է, իրա՛ր մէջ ձուլուելու, մէկ   եւ  միասնական ազգ դառնալու, մէ՛կ լեզուով, մէ՛կ մշակոյթով եւ  մէկ հայրենի  հողով հողով։