image

Արեւելեան Թեմ. Նշուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրման 110-ամեակը. Աւագութեան կոչում նուիրեալ հոգեւոր հովիւ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան

Արեւելեան Թեմ. Նշուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրման 110-ամեակը. Աւագութեան կոչում նուիրեալ հոգեւոր հովիւ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան

Թեմական եւ համայնքային մակարդակով յաճախ նշուած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանի նուիրական ծառայութեան եւ արժանի հոգեւորական ըլլալու ճշմարտութեան մասին։

Ստորեւ «Արեւելք» թարգմանաբար կը ներկայացնէ Ֆլորանս Աւագեանի տեղեկագրութիւնը՝

Ոչ միայն մէկ դար, այլ 110 գերազանց տարիներ։

Կիրակի, 22 Յունիսին, 110 տարի առաջ հիմը դրուած Նիւ Եորքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ նուիրուած հովիւ՝ Տէր Մեսրոպ Լագիսեանին, 20-ամեայ հաւատարիմ ծառայութեան առիթները նշուեցան, հացկերոյթի մը ընթացքին, ծխականներու եւ բարեկամներու ներկայութեամբ։

Սակայն ուրախութեան այս օրուան մէջ տեղի ունեցաւ անսպասելի իրադարձութիւն մը, որ գրեթէ պիտի խանգարէր երկար ժամանակէ ի վեր նախատեսուած եւ ծրագրուած տօնակատարութիւնը։

Մէկ օր առաջ՝ երկարատեւ տաք ալիքի հոսանքին հետեւանքով, Terrace On The Park ճաշասրահի ելեկտրական լրիւ սարքը խանգարուած էր։ Ի՞նչ կարելի էր ընել։

Առանց վարանելու, Երեցկին Օժէն Լագիսեանի եւ 110-ամեակի յանձնախումբի նախագահուհի Լուիզ Քանեանի առաջնորդութեամբ՝ եկեղեցւոյ անդամները կազմեցին

տասը հոգիէ բաղկացած խումբ մը, որոնք միասին աշխատեցան լուծելու համար ստեղծուած խնդիրը։ Անոնք կրցան ապահովել նոր վայր մը, ինչ որ դիւրին չէր կիրակի օրով ընել Նիւ Եորքի մէջ, բոլոր անհրաժեշտ յարմարութիւններով, սկսելով՝ ծաղիկներէն, ըմպելիներէն,կարկանդակներէն եւ շարքը երկար է…։ Ապա խումբը հեռաձայնեց ճաշկերոյթին մասնակցող աւելի քան 250 անհատներուն՝ նոր վայրի փոփոխութեան մասին տեղեկացնելու։ Եւ ժամը 15:00-ին ճաշկերոյթէն մէկ ժամ առաջ անձ մը Terrace On the Park-ի վայրը գտնուեցաւ, եթէ ինչ-որ մէկը տեղեակ չէր եղած ճաշկերոյթի վայրի փոփոխութենէն։

Խորհրդանշական եկեղեցական ծառայութեան պատմական օրը սկսաւ Սուրբ Պատարագով, որ մատուցեց Արեւելեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, եւ որու ընթացքին խորանապահներ՝ Մարք Տիլսիզեան, Յակոբ Քիմէթլեան եւ Արմէն Մորեան, ձեռնադրուեցան եւ ստացան դպիրի աստիճան, ապա՝

դպիր Արամ Փարնագեան ստացաւ կիսարկաւագի աստիճան։ Շանթ Ղազանճեանին շնորհուեցաւ Արեւելեան թեմի Սուրբ Ստեփանոս Նախասարկաւագի շնորհակալագիր։

Մեծ հանդիսութեամբ, իր նուիրուած եւ օրինակելի ծառայութիւններուն համար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանին շնորհեց աւագ քահանայի կոչում՝ անոր ձեռնադրութեան 20-ամեակին առիթով։ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի Կոնդակը՝ Տէր Մեսրոպին աւագ քահանայի կոչում շնորհելուն առիթով։ Սրբազան հայրը նաեւ փոխանցեց աղօթքներ եւ շնորհաւորանքներ Սուրբ Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 110-ամեակին առիթով։

Տօնական ճաշկերոյթ Քուինզի Էլմհերսթ քաղաքի նոր վայրին՝ Da Mikele Illagio-ի նրբագեղ և ընդարձակ ճաշասրահը լեցուն էր աւելի քան 250 հայ հաւատացեալներով, եւ ուր կը տիրէր տօնական եւ ընտանեկան մթնոլորտ մը:

Ներկայ հոգեւորականներուն շարքին էին՝ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, Գերշ. Տ. Խորէն արք. Տողրամաճեան, Արժ. Տ. Ներսէս աւ. Քհնյ. Մանուկեան, Արժ. Տ. Նարեկ աւ. Քհնյ. եւ երեցկին Անի Տէրտէրեան, Հայր Վահան եւ Երեցկին Մակի Գույումճեան, Առաքինազարդ քոյր Էմմա Մուսայեան եւ, ի հարկէ, աւագ քահանայ Տէր Մեսրոպ Լագիսեան, Երեցկին Օժէն, անոնց դուստրը՝ Թալին եւ Տ. Մեսրոպի քոյրը՝ Թամար։

Գերշ. Տ. Անուշաւանի սեղանի օրհնութենէն, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով եւ Սուրբ Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 110-ամեակի եւ աւագ քահանայ Տէր Մեսրոպի 20-ամեակի առիթով շնորհաւորութիւններէն ետք, եկեղեցւոյ երգչախումբի խմբավար՝ Անահիտ Զաքարեան կատարեց փունջ մը օրհներգներ։

Սուրբ Լուսաւորիչ տաճարի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ՝ իրաւաբան Արմէն Մորեան ոգեւորութեամբ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որոնք եկած էին Նիւ Եորքէն, Նիւ Ճըրզիէն, Քոնէքթիքըթէն, Մասաչուսեթսէն, Ֆիլատելֆիայէն, Շիքակոյէն, Լաս Վեկասէն, Սան Տիէկոյէն եւ Մոնթրէալէն, եւ հրաւիրեց Խորէն Սրբազանը կարդալու Արամ Ա կաթողիկոսի կոնդակը Սուրբ Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 110-ամեակին եւ Տէր Մեսրոպ Աւագ քահանայի 20-ամեակին առիթով: Ապա Մորեան հրաւիրեց Տէր Նարեկը կարդալու Արամ Վեհափառի Հայրապետական օրհնութեան նամակը, ուր Տէր Մեսրոպին կը շնորհէ Աւագ քահանայի կոչում:

Մորեան, իր խօսքին մէջ նշեց Մայր եկեղեցւոյ յատկանշական պատմութեան, ծառայութեան, փորձութեան ու յաղթանակին մասին, ինչպէս նաեւ անոր վերականգնումին Տէր Մեսրոպի ղեկավարութեամբ , եւ խնդրեց բոլոր ներկաներէն, որոնք տարբեր պաշտօններով ծառայած էին Եկեղեցւոյ, կանգնիլ եւ արժանանալ գնահատանքի, ինչպէս նաեւ՝ լռութեան պահ մը խնդրեց խորհրդածութեան եւ յարգանքի՝ մեզմէ առ յաւէտ հեռացած անդամներունյիշատակին։

Տարբեր անձնաւորութիւններ ոգեշնչող խօսքեր արտասանեցին, որոնց շարքին էին՝ Յակոբ «Ճէք» Ճանպազեան եւ Ռիչըրտ Սարաճեան, որոնք մատնանշեցին իրենց ընտանիքի կապը եկեղեցւոյ հետ, որ «լոյսի եւ հաւատքի կեդրոն է իր ժողովուրդին, ուսանողներուն, երիտասարդներուն, բարերարներուն, հոգեւորականներուն եւ հաւատացեալներուն համար»։ Յիշենք նաեւ թէ Սարաճեան Տէր Մեսրոպի ձեռնադրութեան կնքահայրն էր։

Երկարատեւ ծափահարութիւններէն ետք Տէր Մեսրոպ Աւագ Քահանան, Սուրբ Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, որ տուն հանդիսացած է՝ մշակոյթի, հաւատքի, պայքարի, վերանորոգման եւ գոյատեւման օճախի, երկրորդ ամենաերկար ծառայող քահանան էր, իր հարազատ սրտի խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց իր

ընտանիքին եւ բոլոր անոնց, որոնք ծառայած են Եկեղեցւոյ։ Իր կարգին Գերշ. Տ.Անուշաւան արք. Դանիէլեան, իր կարգին, մեծ յուզումով խօսեցաւ բոլոր անոնց մասին, որոնք մաս կազմած էին այս եկեղեցւոյ։ «Մենք անոր պտուղներէն մի քանին ենք», - ըսաւ ան, ուղղուելով դահլիճի ետեւի մասը՝ շնորհակալութիւն յայտնելու եկեղեցւոյ 101-ամեայ ծխական Մերի Տուկանին, որ երկարատեւ ծափահարութիւններու արժանացաւ։ Կրկին դառնալով մեծ բազմութեան, սիրելի առաջնորդը ըսաւ. «Դուք պարտականութիւն ունիք հրաւիրել գիտնականներուն տեսնելու համար մեր եկեղեցւոյ արխիւները։ Մեր ինքնութիւնը ոգեշնչեց մեր Եկեղեցին», - յայտարարեց ան ծափահարութիւններու տարափին տակ։

Երկու տուրմով պատրաստուած կարկանդակներ հատուեցան՝ մէկը նուիրուած եկեղեցւոյ 110-ամեակին, իսկ միւսը՝ Տէր Մեսրոպ Աւագ քահանային, որ վարպետօրէն

հատեց ներկաներուն համար՝ իրենց շքեղ ընթրիքի աւարտին։

Բոլոր ներկաները ուրախութեամբ ամբողջ գիշերը պարեցին յայտնի Club 27 խումբի փառահեղ կատարումով, որ կազմուած էր մենակատար Շանթ Մասոյանի, ստեղնաշարային գործիքներ նուագող Արա Տինքճեանի, թմբուկ՝ Ճիմ ՔԻզիրեանի, ուտ՝ Րաֆֆի Մասոեանի եւ գլարինէթ՝ Սթիւ Ոսպիքեանի։

Այս օրը անմոռանալի պիտի մնայ բոլորին մտքերուն մէջ, որպէս տօնական ինչպէս նաեւ գնահատանքի եւ ընտանեկան միասնութեան օր մը։

Որպէս «Արեւելք» նոյնպէս եւ սիրով կը միանանք հարիւրաւոր այն հայորդիներուն, որոնք այս օրերուն մեծ սիրով եւ ոգիով իրենց շնորհաւորանքի սրտի խօսքը ուղղեցին մեր բոլորին համար սիրելի եւ Արժանապատիւ Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեանին, մաղթելով Տէր Հօր Առաքելաւանդ եւ Քրիստոսափայլ նուիրական օրեր եւ առաքելութիւն։