image

Լիբանանահայ երիտասարդ Յարութ Յակոբեան զոհ՝ «Քորոնա»ի

 Լիբանանահայ երիտասարդ Յարութ Յակոբեան զոհ՝ «Քորոնա»ի

 Ինչպէս տարբեր երկիրներու, այնպէս ալ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» համավարկը կը շարունակէ անմեղ կեանքեր խլել։

 

 Այս առումով ալ օրերս Պէյրութէն տխուր լուր ստացանք։

 Շուրջ տաս օր «Քովիտ»ի դէմ անդուլ պայքար մղելէ ետք իր մահկանացուն կնքած է լիբանանահայ երիտասարդ ՝Յարութ Յակոբեան 

  Ան աշակերտած է Պուրճ Համուտի Հայ Կաթողիկէ «Մեսրոպեան» վարժարանին, որմէ ետք ալ  փոքր հասակէն նետուած է կեանքի ասպարէզ։

 

 Ճանչցողները Յարութի մասին «Արեւելք»ին խօսելով նշեցին, որ եղած է կենսասէր, աշխոյժ եւ համայնքային շրջանակներուն կողմէ սիրուած ու յարգուած անձնաւորութիւն։

 

 Լիբանանի մէջ ստեղծուած ծանր դրութիւնէն ետք ան եկած է Հայաստան տեղւոյն վրայ ուսումնասիրելու համար իրադրութիւնը, անշուշտ ի մտի ունենալով վերջնականապէս հաստատուիլ հայրենիքի մէջ, սակայն պայմաններու դժուարութեան հետեւանքով վերստին վերադարձած է Պէյրութ։

 Հայութեան ու յատկապէս ՀՄԸՄ-ի համար  մեծ սէր ու նուիրում ունեցած հայ մեր հայրենակիցին վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը եղած է  չորեքշաբթի օր  Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ ալ անոր մարմինը փոխադրուած է Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզմանատուն։