image

Լիբանան. Հանրայայտ երգիչ՝ Ֆատըլ Շաքէրի յանձնուիլը. Նոր տագնա՞պ, թէ նոր Deal!!!

Լիբանան. Հանրայայտ երգիչ՝ Ֆատըլ Շաքէրի յանձնուիլը. Նոր տագնա՞պ, թէ նոր  Deal!!!

Այս  պարագային է նաեւ, որ մեծ հարցումներ ծագեցան ու շատեր (յատկապէս զոհուած զինուորներու ծնողները) սկսան հարց տալ, թէ տեղի ունեցածը նոր «տիլ»ի մը հետեւանքն է՞։ Արդեօք Շաքէրի  յանձնոէլէն ետք ազատ  պիտի արձակուին  բանակի  զինուորներ սպաննելու    մեղքով բանտարկուած «իսլամիստ»   Ասիրն ու անոր հետեւորդները։

 

 Սագօ Արեանի դիմատետրեան էջէն կը կարդանք՝ 

 Լիբանանի մէջ առկայ տասնեակ թղթածրարներու կողքին այս օրերուն տարածուած նիւթ դարձած է սիւննի կրօնաւոր Շէյխ Ահմատ Ասիրի, ու նաեւ անոր ամենավստահելի գործիչ, երգիչ՝ Ֆատըլ Շաքէրի նիւթը, որ օրերս ինքնակամ կերպով յանձնուեցաւ բանակի հետախուզութեան։

 

 Յիշեցնեմ, որ Ասիր 2013 թուականին փորձած էր իր ռազմական «իմարա»ն (Իսլամական իշխանապետութիւն մը)   ստեղծել  Լիբանանի հարաւային Սայտա քաղաքին մէջ ու ատոր համար ալ բախման մէջ մտած երկրի բանակին հետ։

 Երկու կողմերը տուած էին տասնեակ զոհեր, իսկ աւելի վերջ Ահմատ Ասիր կը կալանաւորուէր ու ցայսօր ալ կը գտնուի բանտի ճաղերու ետին։

 

 Շաբաթ օր այս թղթածրարին առընթեր կարեւորագոյն զարգացում մը եղաւ, եւ Ֆատըլ Շաքէր ինքզինք յանձնեց բանակին։

 

 Հոս է նաեւ, որ մեծ հարցումներ ծագեցան ու շատեր (յատկապէս զոհուած զինուորներու ծնողները) սկսան հարց տալ, թէ տեղի ունեցածը նոր «տիլ»ի մը հետեւանքն է՞։ Արդեօք Շաքէրի  յանձնոէլէն ետք ազատ  պիտի արձակուին  բանակի  զինուորներ սպաննելու    մեղքով բանտարկուած «իսլամիստ»   Ասիրն ու անոր հետեւորդները։

Լիբանանը այնքան «բազմաբեղուն» երկիր է, որ ամէն օր նորութիւններ եւ քաղաքական պայքարի երեւոյթներ կ՚երեւին…

 

 Ահա Շաքէրի լուրը՝ մանրամասն՝

 

 

 

Լիբանանցի երգիչ Ֆատլ Շաքէր շաբաթ օրը ինքնակամ յանձնուեցաւ լիբանանեան բանակին, տարիներ շարունակ արդարադատութենէն խուսափելէ յետոյ։

Ականատեսներ պատմած են «Ռօյթըրզ»-ին, որ Շաքէր «Այն Հըլուէ»էն (Լիբանանեան Հարաւի մէջ գտնուող պաղեստինեան գաղթակայան)  յետիոտն գացած էր բանակի կեդրոնատեղի եւ ու անոր երեւոյթը հանգիստ էր՝  ինքնավստահ եւ զուարթուն տրամադրութեամբ։ 

 

 Բանակի հետախուզական պատասխանատուներ իրենց կեդրոն հրաւիրեցին Շաքէրը, եւ աւելի ուշ յայտարարուեցաւ, որ Շաքէր պիտի հարցաքննուի…։

 Նշեմ, որ Շաքէր, որուն իրական անունն է Ֆատլ Շեմանտուր, ծնած է Սայտա, 1969 թուականին, լիբանանցի հօր եւ պաղեստինցի մօր որդի է։ Ան հայեցողութեամբ հաշուուած էր արաբական աշխարհի ամենահայտնի ռոմանտիկ երգիչներէն մէկը՝ իր ձայնի ջերմութեամբ։ Շաքէր 2012-ին յայտարարեց երգարուեստէն հեռանալը եւ միացաւ շէյխ Ահմետ Ալ Ասիրի զինեալ խմբակցութեան։

2013-ին, Ապրա գիւղին մէջ լիբանանեան բանակին եւ Ասիրի խումբին միջեւ կայացած բախումներէն յետոյ — որու արդիւնքով զոհուեցան 18 զինուորներ եւ 11 զինեալներ — Շաքէր խոյս տուաւ եւ թաքնուեցաւ «Այն Հըլուէ»ի մէջ, ուր պաղեստինեան խմբաւորումները կը վերահսկեն անվտանգութիւնը եւ ուր բանակը չի կրնար մուտք գործել…։

2020-ին Լիբանանի ռազմական դատարանը հեռակայ ձեւով դատապարտեց Շաքէրը «ահաբեկչութեան գործերու մէջ միջամուխ ըլլալու» մեղադրանքով։ Անոր դէմ անցեալէն ալ ալ կար մէկ այլ դատավճիռ (սեպտեմբեր 2017-ին)՝ 15 տարի բանտարկութեամբ եւ քաղաքացիական իրաւունքներու զրկմամբ։

Ապրիլ 2025-ին Շաքէր յայտարարեց, թէ աւելի քան տասներեք տարի անարդարութեան ենթարկուած է եւ որ բոլոր մեղադրանքները քաղաքական հաշուեյարդարի արդիւնք են։ 

Շաքէրի մօտիկ անձ մը AFP-ին ըսած է, թէ երգիչը հաւատք ունի իր անմեղութեան եւ կը հաւատայ, որ լիբանանի արդարադատութիւնը պիտի արդարացնէ զինք 

 

 

Նշենք նաեւ, որ վերջին տարիներուն Շաքէր վերադարձած է երգարուեստի հրատարակելով տարբեր երգեր։ Անցեալ ամրան իր վերջին ձայնագրութիւնները, որոնք կատարած էր իր որդի՝ Մոհամէտին հետ, հասարակութեան մէջ մեծ յաջողութիւն արձանագրեցին։