image

Լիբանան եւ Իսրայէլ պայմանաւորուած են շարունակել բանակցութիւնները

Լիբանան եւ Իսրայէլ պայմանաւորուած են շարունակել բանակցութիւնները

Լիբանանն ու Իսրայէլը վերջին երեք տասնամեակի ընթացքին առաջին անգամ դիւանագիտական բանակցութիւններ ունեցած են։

Հանդիպման նպատակը եղած է վերջ դնել Իսրայէլի եւ՝ Իրանի կողմէ աջակցուող «Հըզպալլա» խմբաւորման միջեւ ընթացող մարտերուն:

Միացեալ Նահագներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն, որ հանդէս եկած է որպէս միջնորդ, յայտարարած է, որ սա «պատմական հնարաւորութիւն է»՝ վերջ դնելու «Հըզպալլա»ի ազդեցութեան։

Միացեալ Նահագներու տարածած յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ կողմերը պայմանաւորուած են սկսիլ ուղիղ բանակցութիւններ, որոնց ժամկէտներն ու վայրը դեռ պէտք է որոշուին։

«Մասնակիցներն արդիւնաւէտ քննարկումներ ունեցան Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ ուղիղ բանակցութիւններ սկսելու քայլերու վերաբերեալ», - նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Միացեալ Նահանգները յոյս յայտնած է, որ բանակցութիւնները կրնան գերազանցել 2024 թուականի համաձայնագրի շրջանակը եւ յանգեցնել համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագրի:

«Միացեալ Նահանգներն իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Իսրայէլի իրաւունքին՝ պաշտպանուելու «Հըզպալլա»-ի շարունակական յարձակումներէն», - նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Իսրայէլը յայտարարած է, որ կ՚ուզէ զինաթափել բոլոր ոչ պետական ահաբեկչական խմբաւորումները՝ նկատի ունենալով «Հըզպալլա»ն։

Լիբանանն իր հերթին կոչ ըրած է զինադադար հաստատելու եւ միջոցներ ձեռնարկելու երկրին մէջ մարդասիրակապ ճգնաժամի յաղթահարման համար։

Երկու երկիրները դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունին, իսկ անոնց միջեւ վերջին ուղիղ, բարձր մակարդակի բանակցութիւնները կայացած են 1993-ին։