image

Լիբանան, բանակ եւ ... ընտրութիւն

Լիբանան, բանակ  եւ ... ընտրութիւն

Երէկ ուշագրաւ զարգացում մը գրանցուեցաւ Պէյրութի քաղաքական տեսադաշտին մէջ։

Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզէֆ  Աուն սպայական կազմին հետ հանդիպման ընթացքին «բաց թեքստ»ով խօսեցաւ առկայ դժուարութիւններուն մասին ու քիչ մը հեռու երթալով երկրի քաղաքական աւագանիին հարց տուաւ եւ  ըսաւ «ո՞ւր կ՚երթաք»։

Լիբանանի պէս խճճուած երկրի մը մէջ մինչեւ այս պահը բանակը կը շարունակէ մնալ երկրի միաւորման, միակամութեան խորհրդանիշը ու նաեւ անվտանգութեան հիմնարար երաշխիքը եւ գուցէ այս հարթութիւնէն պէտք է նայիլ բանակի զօրահրամանտարին կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն։

Երկրի մը մէջ, ուր քաղաքական պատկերը մեծ առումով բաժանումներու մէջ է, եւ այն ալ յաճախ ոչ միայն հորիզոնական եւ իրար չհանդիպող եզրագծերով, այլ նաեւ հակադրական եւ հակոտնեայ մօտեցումներով բանակը կը շարունակէ մնալ լիբանանցիներու վերջին յոյսը։

Յոյս, որուն յենելով է, որ լիբանանցի սովորական քաղաքացին կը փորձէ ցոյցերն ու փակ ճանապարհները աչքի առնելով փողոց դուրս գալ եւ մտածել իր աւուր հացին մասին։

 Եւ բանակ, որ հակառակ տարբեր քաղաքներու մէջ առկայ «ապահովական կղզիակներ»ուն, կը փորձէ ամէն ճիգ ընել, որ առկայ վտանգի օճախները չմեծնան ու արտաքին ուժերուն կողմէ «նախատեսուած» կամ նոյնիսկ պատրաստուած վտանգները համատարած չդառնան։

Այստեղ անպայման պէտք է յիշել, որ Լիբանանի ամէնէն օրհասական օրերուն բանակի «մասնատում»ն էր, որ երկիրը մատնած է անորոշութեան ու այսօր տնտեսական այս բաւականին բարդ օրերուն, դարձեալ բանակն է, որ կը պահէ երկիրը։

Հիմա կը ծագի հարց, արդեօ՞ք  քրիստոնեայ մարոնի զօրահրամանատարին այս օրերուն եւ այս «բաց ոճ»ով խօսիլ ինչ որ բան կը նշանակէ։

Կամ  Թեհրան-Ուաշինկթըն բանակցութիւններու մեծ լուսանցքին վրայ, Ուշինկթընի եւ ինչու չէ նաեւ Մոսկուայի կողմէ «նախագահական գաղտնաբառ»ի մը պատրաստութեան  խոհանոցին մէջ բանակին նոր դեր մը տրուած է՞։

Չմոռնանք, որ անցնող քսան տարիներուն Լիբանանն ունեցաւ երեք նախագահներ, որոնք  Պաապտայի նախագահական պալատ հասան՝ ըլլալով բանակի մեծ դպրոցի շրջանաւարտները։

Անոնցմէ երկուքը՝ զօր. Էմիլ Լահուտը եւ զօր. Միշէլ Սուլայմանը, նախագահ ընտրուեցան ու հանեցին իրենց զինուորական տարազն ու կապեցին նախագահական փողկապը, իսկ այսօրուայ նախագահը՝ զօր. Միշէլ Աունը, որ բանակի դպրոցէն անցած գործիչ է, դարձեալ նախագահ դարձաւ, միշտ յենարան ունենալով բանակի օրերուն իր կազմած հանրութեան նեցուկը։

Ու եթէ այս ընդհանուր պատկերը հաշուի առնենք, ապա անպայման պիտի հասնինք այն եզրակացութեան, որ լիբանանեան խնդրին համար լուծում  գտնել փորձող ուժերուն համար շատ աւելի հեշտ է նախագահական ընտրութեան արշաւը (ըստ  լիբանանեան օրէնսդրութեան,  երկրի նախագահի ընտրութիւնը պէտք է կայացուի  յառաջիկայ տարի՝ 2022-ին) առաջ տանիլ վստահելով երկիրը միացնել կարողացող բանակին։

Զօր. Ժոզէֆ  Աուն, որ իրեն  նախորդող հրամանատարներուն  նման, նոյնպէս քատրային սպայ մըն է, մինչեւ այս պահը յայտնի է «մեղմ» կեցուածքներով, ան բնականոն կապեր ունի «Հըզպալլա»ի հետ, ու տարբեր առիթներով ալ կարողացած է երկրի ապահովութեան մականը իր ձեռքերուն մէջ պահել, ու միեւնոյն ժամանակ բաւական «ջերմ» կապեր ունի ամերիկացիներուն հետ։

Անկախ այս հանգամանքներէն ալ բանակի միջոցաւ ընտրական խաղին մէջ մտնել փորձող շրջանային գերուժերուն համար շատ աւելի հեշտ պիտի ըլլայ իրենցմէ հեռու պահել գործող նախագահ զօր. Միշէլ Աունի եւ միւս կողմէ նախկին նախագահ Ս. Ֆրանժիյէի թոռան Սուլայման Ֆրանժիյէի միջեւ «սպասուած» պայքարի լեղի բաժակը։

Պարզ անոր համար, որ այս երկու գործիչներն ալ մեծ միաւորներով խաղացողներ են ու նաեւ անոնցմէ որեւէ մէկուն յաղթանակը աւելիով պիտի բաժնէ, առանց անոր «բաժնուած» պատկեր մ՚ունեցող քրիստոնէական գետինը։

Հետեւաբար նման վիճակներու մէջ, երբ բոլորը Լիբանանը պիտի դաւանին, որպէս առկայ մեծ լարուածութիւններու կարմիր հանգոյցները «քակող» եզերք, բոլորն ալ պիտի ուզեն, որ երկրի վարչապետներէն ՝Սաէպ Սալամի կողմէ օգտագործման դրուած «Լա ղալէպ, ուալա մաղլուպ» մօտեցումը իրականութիւն դառնայ։

 Այդ մօտեցումը կը խօսի ոչ յաղթող եւ ոչ ալ պարտուող սկզբունքի մը մասին, որ ամէնէն աւելի կրնայ ապահովել երկիր Լիբանանի կայունութիւնը, անդորրն ու մանաւանդ խաղաղութիւնը։

 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...