«Մուսալեռ-Այնճար» դիմատետրեան էջէն վերահասու կը դառնանք, թէ՝
Պեքայի շրջանի Զահլէ քաղաքի եւ արուարձաններու 124 նոր ընտրուած գիւղապետերն ու թաղապետերը,Կիրակի, 22 Յունիս 2025-ին, տեղի ունեցած իրենց Ա. ընդհանուր ժողովին միաձայնութեամբ ընտրեցին Խորհուրդը ներկայացնող վարչութիւն մը, 3 տարուայ ժամանակաշրջանի համար, նախագահութեամբ` գիւղապետ Ալի Եուսեֆի,որուն մաս կը կազմէ Այնճարի մեր գիւղապետերէն Յարութ Լագիսեանը, որ նաեւ ընտրուեցաւ իբրեւ խորհուրդի ներկայացուցիչ պետութեան մօտ։