image

ԼՂ–ի շուրջ ստեղծել ապառազմականացուած գօտի` միջազգային երաշխիքով. Փաշինեանի առաջարկը՝ Ալիեւին

ԼՂ–ի շուրջ ստեղծել ապառազմականացուած գօտի` միջազգային երաշխիքով. Փաշինեանի առաջարկը՝ Ալիեւին

Հոկտեմբեր 31-ին Սոչիի մէջ Նիկոլ Փաշինեան Ալիեւին առաջարկած է ԼՂ–ի շուրջ ստեղծել ապառազմականացուած գօտի` միջազգային երաշխիքներով, որու շնորհիւ ԼՂ–ն պաշտպանութեան բանակ ունենալու կարիք չունենար։ Այս մասին այսօր ՀՀ վարչապետը յայտնած է կառավարութեան նիստին։

«Պէտք է արձանագրեմ, որ ՀՀ–ն ԼՂ–ում բանակ չունի, եւ Ատրպէյճանն ինքն է մերժել այս հարցը պարզաբանելու համար ԼՂ դիտորդական առաքելութիւն ուղարկելու առաջարկը, որը ես արել եմ ս.թ. հոկտեմբերի 6-ին Պրահայում։ ԼՂ–ում ՀՀ բանակ չկայ, կայ ԼՂ պաշտպանութեան բանակ, որը, թերեւս, լուրջ խոչընդոտ է Ատրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութիւնը կեանքի կոչելու համար։ ԼՂ–ի հայութիւնը բանակ ունի միայն ու միայն ցեղասպանութեան ենթարկուելու վտանգի պատճառով»,– յայտարարած է Փաշինեան։

Վարչապետը յիշեցուցած է, որ ապառազմականացման առաջարկ Հայաստանը ըրած է նաեւ ՀՀ–Ատրպէյճան սահմանի մասին` առաջարկելով զօրքերը ետ քաշել 1991–ին հաստատուած սահմանէն ու ստեղծել 3 քիլոմեթրանոց ապառազմականացուած գօտի։ Անոր խօսքով` հոկտեմբր 31-ին Ատրպէյճանին փոխանցուած է նաեւ այս առաջարկի նորացուած տարբերակը։

«Ատրպէյճանի ԶՈւ–ն պէտք է դուրս բերուի ՀՀ ինքնիշխան տարածքի բոլոր օկուպացուած տարածքներից, եւ մեր այս դիրքորոշումը որեւէ կերպ փոփոխութեան չի ենթարկուի»,–ըսած է Փաշինեան։