image

Լեռնային Ղարաբաղը պիտի կարգավիճակ ստանայ. Արցախի նորընտիր նախագահ

Լեռնային Ղարաբաղը պիտի կարգավիճակ ստանայ. Արցախի նորընտիր նախագահ

Լեռնային Ղարաբաղը կարգավիճակ պիտի ստանայ, Հայաստանի հետ ուղիղ կապ պէտք է ունենանք Լաչինի միջանցքով:

Ինչպէս յայտնած են Արցախի ազգային ժողովէն՝ այս մասին յայտարարած է Արցախի նորընտիր նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան խորհրդարանի մէջ իր թեկնածութեան հարցի քննարկման:

 «Լեռնային Ղարաբաղը պիտի կարգավիճակ ստանայ, Հայաստանի հետ ուղիղ կապ պէտք է ունենանք Լաչինի միջանցքով, այլ ճանապարհներ կարող են գործարկուել, սակայն դրանք չպէտք է փոխարինեն միջանցքին:

Բանակցութիւններ պէտք է լինեն, ձեւաչափը կարող է լինել ինչպէս բազմակողմ, այնպէս էլ երկկողմ՝ երրորդ կողմի երաշխաւորութեամբ, Ստեփանակերտը պէտք է լինի բանակցութիւնների սուբյեկտ (ենթակայ)»,-ըսած է Շահրամանեան:

Ան  խօտած է պետականութեան հիմքերը խարխլող  քայլերու դէմ անհաշտ պայքար մղելու, Արցախը հայկական պահելու գործին մէջ բոլոր ուժերը միացնելու անհրաժեշտութեան մասին: 

Սամուէլ Շահրամանեան առանձնացուցած է պետականութեան ամրապնդումը, ներքին կայունութեան հաստատումը, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը, ժողովուրդի ընկերային-տնտեսական վիճակի բարելաւումը, օրինականութեան ու կարգ ու կանոնի հաստատումը: Ան անդրադարձած է նաեւ տարածաշրջանային մարտահրաւէրներուն, Ատրպէյճանի վարած քաղաքականութեան, Արցախ-Հայաստան յարաբերութիւններուն: